image
Հրատապ լուրեր:

Վենսի X-ի էջին հրապարակուած գրառումը՝ Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան մասին, ջնջուած է, յետոյ հրապարակուած՝ առանց «Հայոց ցեղասպանnւթիւն» բառերու

Վենսի X-ի էջին հրապարակուած գրառումը՝ Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան մասին, ջնջուած է, յետոյ հրապարակուած՝ առանց «Հայոց ցեղասպանnւթիւն» բառերու

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Վենսի X-ի էջին հրապարակուած գրառումը՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութեան մասին, հրապարակումէն կարճ ժամանակ անց ջնջուած է:

Աւելի ուշ հաղորդագրութիւնը վերահրապարակուած է անոր մամուլի քարտուղար Թէյլըր Վան Քիրքի կողմէ, սակայն առանց «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերու։

«ԱՄՆ փոխնախագահն ու երկրորդ տիկինը Հայաստան կատարած այցի վերջին օրը ծաղիկներ դրած են անմար կրակի մօտ եւ գրառում կատարած պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ»,- ըսուած է Քիրքի X-ի էջին: