«Հրապարակ» թերթէն վերահասու դարձանք, որ այսօր Միքայէլեան հիւանդանոցին մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայրենի հանրայայտ եւ սիրուած երգիչ եւ երգահան Հայկօն, որ վարակուած էր Գորոնա ժահրով:
Հայկօն աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը։
Նշենք, որ Հայկոյի աստղը սկսած էր փայլիլ 2002 թուականին, երբ արժանացած է «Տարուայ լաւագոյն նախագիծ», «Տարուայ լաւագոյն ալպոմ» եւ «Տարուայ լաւագոյն տեսասկաւառակ» մրցանակներուն։
2006 թուականին ՀՀ նախագահի հրամանագրով անոր շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտի կոչում։
2007 թուականին ներկայացուցած է Հայաստանը «Եւրըտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին ժամանակ եւ գրաւած է 8-րդ տեղը։