image

Սուրիոյ մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցեր՝ վառելիքի գիներու կտրուկ աճի պատճառով

Սուրիոյ մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցեր՝ վառելիքի գիներու կտրուկ աճի պատճառով

Սուրիոյ մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցեր սկսած են՝ վառելանիւթի գիներու կտրուկ բարձրացման պատճառով, կը յայտնեն տեղական լրատուամիջոցները։

Ցոյցերը սկսած են Սեպտեմբեր 13-ի առաւօտեան եւ շարունակուած ամբողջ օրն ու գիշերը։ Մասնաւորաբար, բողոքի ցոյցերու մասնակցած են Ռաքքայի, Հալէպի եւ Իտլիպի բնակիչները։

Երեկոյեան, ցուցարարները, դժգոհ ըլլալով վառելանիւթի գիներու 40 տոկոսով բարձրացումէն, փակած են Սուրիոյ առանցքային M5 մայրուղին եւ սկսած են անիւներ այրել։ Մայրուղին իրարու կը կապէ Հալէպ եւ Համա խոշոր քաղաքները։

Իշխանութիւնները հրշէջ մեքենաներ, զրահամեքենաներ եւ ոստիկանական պարեկներ ուղարկած են Մաարաթ ալ-Նումանի գլխաւոր ճանապարհը։

Տեղական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ 95-րդ մակնիշի պենզինի գինը Կիրակի օրուընէ 152 սուրիական լիրայէն (1.2 տոլար) բարձրացած է 195 լիրայի (1.6 տոլար), իսկ տիզէլ վառելանիւթինը՝ 125 լիրայէն (1 տոլար)՝ 175 լիրայի (1.43 տոլար)։

 

Սուրիոյ ուժանիւթի նախարարութեան մամուլի քարտուղար Ապտուլհամիտ Սիլեաթ SANA պետական գործակալութեան յայտնած է, որ նաւթամթերքի գիներու բարձրացումը պայմանաւորուած է համաշխարհային շուկաներու իրավիճակով եւ ներմուծման զգալի բաժինով։