image
Հրատապ լուրեր:

Պոլիս. Սամաթիա շրջանին մէջ Սուրբ Խաչի տօնախմբութիւն եւ մատաղի օրհնութիւն

Պոլիս. Սամաթիա շրջանին մէջ  Սուրբ Խաչի տօնախմբութիւն եւ մատաղի օրհնութիւն

Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք շնորհաւորեց նաեւ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ անուան ու տարեկան կրկնակ տօնախմբութիւնը եւ ըսաւ, որ ի մի հաւաքուած ենք թաղի Սահակեան Նունեան Վարժարանի ի նպաստ։ Նոր սերունդ կերտելու համար կենսական է վարժարաններն ու անոնց դերը: Մենք պարտաւոր ենք սիրել մեր վարժարանները եւ շէն ու գործօն պահել: Շնորհաւորեց վարժարանի զոյգ տնօրէնները, ուսուցչաց կազմը, Նուրհան Տավուլճեանի գլխաւորութեամբ Սամաթիոյ Թաղային Խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբն ու Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղյ. Կարապետեանը:

Թուրքիոյ Հայոց  Պատրիարքութեան պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝ 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 27 Սեպտեմբեր 2026, Կիրակի, Վարագայ Ս. Խաչի տօնի արարողութեանց ու աւանդական մատաղօրհնութեան նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ։

Ս. Պատարագը մատոյց թաղի քարոզիչ եւ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղյ. Կարապետեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ եւ դպիրներ։ Ներկայ էր Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան թաղի Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Սեւան Ակօշեանի։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ, Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի «Իմ ժողովուրդիս կեանքը կենաց ծառին պէս երկար պիտի ըլլայ» (Եսայի 65.22) բնաբանով: Մեր Հոգեւոր Պետը բացատրեց կենաց ծառը եւ յաւիտենական կեանքը: Կեանքի ծառը տնկած էր Աստուած դրախտին մէջ եւ մարդ մեղքով արտաքսուեցաւ: Սակայն Աստուած մարդուն տուաւ իր սխալ ճամբէն դառնալու եւ կենաց ծառի պտուղէն կարենալ ուտելու իրաւունքը: Քրիստոնէութիւնը եր խաչին կը նայի՝ կը տեսնէ կեանքի ծառը եւ այդ ծառին պտուղն է Յիսուս Քրիստոս: Վարագայ Խաչի տօնը առիթ է, որ անգամ մը եւս մտածենք խաչի խորհուրդին վրայ: Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ Եսայի Մարգարէի խոստումը իրականացաւ մեր Ազգին վրայ: 

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց նաեւ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ անուան ու տարեկան կրկնակ տօնախմբութիւնը եւ ըսաւ, որ ի մի հաւաքուած ենք թաղի Սահակեան Նունեան Վարժարանի ի նպաստ։ Նոր սերունդ կերտելու համար կենսական է վարժարաններն ու անոնց դերը: Մենք պարտաւոր ենք սիրել մեր վարժարանները եւ շէն ու գործօն պահել: Շնորհաւորեց վարժարանի զոյգ տնօրէնները, ուսուցչաց կազմը, Նուրհան Տավուլճեանի գլխաւորութեամբ Սամաթիոյ Թաղային Խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբն ու Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղյ. Կարապետեանը:

Ապա եկեղեցւոյ երկու նուիրեալներ՝ Շահին Ժան Քալտըրըմ եւ Մելքոն Արըք մօտեցան մեր Հոգեւոր Պետին: Խարտավիլակն էր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղյ.։Այստեղ Նորին Ամենապատուութիւնը եկեղեցւոյ հինգերորդ աստիճանը՝ կիսասարկաւագութեան աստիճանը շնորհեց իրենց ու աղօթքով անոնց յանձնեց նոր աստիճան խորհրդանշանները՝ պարապ սկիհը եւ պատարագիչի զգեստները, ինչպէս նաեւ բազկուրարը: 

Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողներու եւ թաղի համայն հաւատացեալ զաւակներու համար հոգեհանգստեան կարգ, ապա՝ մատաղօրհնէք։

Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ 

Կրօնական արարողութեանց աւարտին պարտէզին մէջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ։