image

Վիճաբանութիւն եւ ծեծկռտուք՝ Ազգային Ժողովէն ներս

Վիճաբանութիւն եւ ծեծկռտուք՝ Ազգային Ժողովէն ներս

Ազգային Ժողովէն ներս վիճաբանութիւն եւ քաշքշուկ սկսած է պատգամաւորներու միջեւ։ 

Նախ լարուած իրավիճակ ստեղծուած է, երբ ԱԺ նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը ելոյթի ժամանակ անջատած է «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Էդգար Ղազարեանի խօսափողը՝ նշելով, որ ան օրակարգային հարցերու մասին չի խօսիր։

Ատկէ ետք իրավիճակը թէժացած է եւ ընդմիջում յայտարարուած, երբ վիճաբանութիւն ու քաշքշուկ սկսած է պատգամաւորներու միջեւ։ Պատգամաւորներու վիճաբանութիւնը շարունակուած է նաեւ ԱԺ նիստերու դալիճէն դուրս։

Ետքը, Ազգային Ժողովէն ներս իրավիճակը կրկին լարուած է. ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւոր Տարօն Չախոյեանի ելոյթի ժամանակ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութենէն միջամտած են, եւ դահլիճին մէջ իրավիճակը կրկին թէժացած է։

ԱԺ նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանն ընդմիջում յայտարարած է։