Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղարը յայտարարած է, որ Թեհրան նոր անակնկալներ կը պատրաստէ ԱՄՆ-ի համար։ Մոհսէն Ռեզայիի խօսքով՝ հակառակորդի իւրաքանչիւր սխալ կրնայ հակամարտութեան նոր ճակատներ բանալ։
«Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդին իմաստուն ղեկավարութեան, ժողովուրդին աջակցութեան եւ պետական համակարգի բոլոր օղակներուն միջեւ համակարգման շնորհիւ՝ Իրանը պիտի յաղթահարէ ստեղծուած բարդ իրավիճակը», շեշտած է պաշտօնեան։
Իրանի նախագահն ալ մտահոգութիւն յայտնած է, որ ԱՄՆ-ը կը յարձակի Իսլամական Հանրապետութեան վրայ այն պահուն, երբ բանակցութիւնները կը սկսին։
Մասուտ Փեզեշքիանի խօսքով՝ անիմաստ է Ուաշինկթընի հետ բանակցիլ, քանի դեռ ամերիկեան կողմը Իրանին կը սպառնայ յարձակումներով եւ պատժամիջոցներով։
«Անոնց նպատակն է տապալել մեր քաղաքական համակարգը», աւելցուցած է Փեզեշքիանը։
Միեւնոյն ժամանակ, Տանըլտ Թրամփ կրկին չէ բացառած, որ հակամարտութիւնը կրնայ աւարտիլ մինչեւ ԱՄՆ-ի մէջ Նոյեմբերին նախատեսուած Քոնկրէսի միջանկեալ ընտրութիւնները կամ անկէ ետք։ Սպիտակ տան ղեկավարին խօսքով՝ ամէն ինչ այս կամ այն ձեւով շատ արագ պիտի աւարտի։