image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի ռազմական ենթակառուցուածքներու վերադարձն Աֆղանստան անընդունելի է. Շոյկու

ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի ռազմական ենթակառուցուածքներու վերադարձն Աֆղանստան անընդունելի է. Շոյկու

Արեւմուտքի յայտարարութիւնները Աֆղանստան ռազմական ենթակառուցուածքներու եւ ռազմական կառոյցներու հաւանական վերադարձին մասին բացարձակապէս անընդունելի են։ Այս մասին ընդգծած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն՝ Աֆղանստանի Իսլամական Էմիրութեան արտաքին գործոց նախարար Ամիր Խան Մութաքիի հետ հանդիպման ընթացքին։

«Բացարձակապէս անընդունելի կը համարենք Արեւմուտքի մէջ հնչող յայտարարութիւնները՝ Աֆղանստանի տարածք Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕ-ի ռազմական ենթակառոյցներու եւ ռազմական կառոյցներու հաւանական վերադարձին մասին։ Երեւի պատմութիւնը ասոնց ոչինչ կը սորվեցնէ», նշած է Շոյկուն։

Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը ընդգծած է, որ Աֆղանստանի մէջ ստեղծուած բարդ մարդասիրական իրավիճակը Արեւմուտքի ներկայացուցիչներու՝ աֆղանական հողին վրայ անպատասխանատու 20-ամեայ ներկայութեան հետեւանքն է։