Հայաստանի կառավարութեան գանձատրմամբ եւ համայնքապետարանի աջակցութեամբ՝ Մեծամօրի մէջ վերստին թափ կ'առնեն «Metsamor Cinema Town»-ի կառուցման շինարարական աշխատանքները: 2024 թուականին սկսած, սակայն անծանօթ պատճառներով կիսատ մնացած այս մեծ նախագիծը այժմ կը վերսկսի՝ զայն աւարտին հասցնելու նպատակով:
Աշխարհահռչակ Universal Studios-ի օրինակով համալիրի տարածքը պիտի յատկանշուի իրական չափերով կառուցուած նկարահանման տաղաւարներով եւ բեմանկարներով (décors), որոնք պիտի վերարտադրեն ԺԹ. եւ Ի. դարերու Փարիզի, Պերլինի, Երեւանի, Էջմիածնի եւ Կոստանդնուպոլսոյ փողոցներն ու թաղամասերը: Այս հսկայական ծրագիրը թոյլ պիտի տայ օտարերկրեայ թէ պատմական միջավայրեր պահանջող տեսարաններու նկարահանումները կատարել անմիջականօրէն Հայաստանի մէջ։
Հարթակին վրայ արդէն իսկ ընթացքի մէջ են հիմնական տաղաւարներու շինարարական աշխատանքները: Կառուցուող առաջին շինութիւնը փարիզեան շէնք մըն է, որ յատկապէս նախատեսուած է բեմադիր Հայկ Օրդեանի («Order Film Production») նոր՝ «Գարունը դռան ետեւ» ժապաւէնին նկարահանումներուն համար: Իրականութեան մէջ, ասիկա պաշտօնական անուանումն է մամուլի հաղորդագրութիւններուն մէջ իբրեւ «Կոմիտաս» յիշատակուած ֆրանքեւհայկական այն համատեղ ծրագրին, որ կը պատմէ մեծն Կոմիտաս Վարդապետի կեանքին ու գործունէութեան մասին:
Այս նախագիծը կը խոստանայ նոր շունչ եւ զարգացման աննախադէպ հեռանկարներ ապահովել Հայաստանի շարժարուեստի արդիւնաբերութեան: