image

Մահացած է «Ալիք»ի երբեմնի խմբագիրներէն՝ Նորայր Էլսայեան

Մահացած է  «Ալիք»ի  երբեմնի  խմբագիրներէն՝ Նորայր Էլսայեան

30 Մարտին, Երեւանի մէջ մահացաւ իրանահայ վաստակաւոր ազգային-հասարակական եւ կրթական գործիչ, գաղափարական նուիրեալ ու «Ալիք» օրաթերթի երկար տարիներու գլխաւոր խմբագիր Նորայր Էլսայեան։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն   ստացաւ Թեհրան  հրապարակուող «Ալիք»   պարբերականէն։

Իր բեղմնաւոր ազգային-հասարակական կեանքին ընթացքին Նորայր Էլսայեան եղած է Թեհրանի ՀՄ «Սիփան», «Ռոստոմ» եւ Հայ ուսուցիչներու միութեան հիմնադիր անդամներէն։

Երկար տարիներ զբաղած է մանկավարժութեամբ եւ նուիրուած է նոր սերունդներու դաստիարակութեան գործին։

1984-93 եղած է «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը:

1993-95 բնակութիւն հաստատած է Հայաստանի մէջ, ապա երեք տարիով վերադարձած է Թեհրան, որմէ ետք դարձեալ տեղափոխուած է Հայաստան եւ վերջնականապէս հաստատուած հայրենիքի մէջ՝ շարունակելով իր ազգային-հասարակական եւ գաղափարական-կուսակցական իր գործունէութիւնը։