Օրերս Լոս Անճըլըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բնիկ Մուսալեռցի, նուիրեալ ազգայիններէն՝ Նորայր Շերպէթճեանը։
Տխրունին իմացանք Հարաւային Գալիֆորնիոյ Մուսալերցիներու Դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք հակիրճ մահագրութիւնը եւ այս առթիւ մեր ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի պարագաներուն եւ ի մասնաւորի Տիար Սարգիս Ուրֆալեանին
Խոր տխրութեամբ կը յայտարարենք բնիկ Մուսալերցի Նորայր Շերպէթճեանի մահը՝ 73 տարեկանին։
Նորայրը միայն սիրելի ամուսին, հայր եւ պապիկ չէր, այլ նաեւ 1980-ին հիմնադրուած Մուսա Լեռ Հայրենակցական միութեան հիմնադիր անդամներէն մին։ Տարիներ շարունակ ան հաւատարմօրէն ծառայեց իբրեւ գործադիր մարմնի անդամ՝ իր ժամանակն ու ուժը նուիրաբերելով Լոս Անճըլըսի Մուսալերեան համայնքը ամրապնդելու եւ մեր ընդհանուր ժառանգութիւնը պահպանելու գործին։
Մուսա Լեռ համայնքի անունով խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնենք անոր կնոջ, զաւակներուն, թոռնիկներուն եւ համայն ընտանեաց պարագաներուն։