«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը յունիս 7-ին Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի չորրորդ օրը սկսած է Երեւանի կեդրոնին մէջ՝ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի շէնքի մօտէն։
Կուսակցութեան նախագահ Էտմոն Մարուքեանը լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին պարզաբանած է, թէ ինչու կուսակցութիւնն իր այսօրուան քարոզարշաւը կը սկսի Բարձրագոյն դատական խորհուրդի շէնքի բակէն։
Մարուքեանը քննադատած է Բարձրագոյն դատական խորհուրդի գործունէութիւնը՝ ընդգծելով, որ այդ մարմինը դատական ամենաբարձր եւ ամենաանկախ մարմինը պէտք է ըլլայ, սակայն վերջին 8 տարուան ընթացքին խոստացուած բարեփոխումները չեն իրականացուած։
Ան նաեւ նշած է, որ Բարձրագոյն դատական խորհուրրին մէջ վերջին 8 տարիներու ընթացքին 5 նախագահ փոխուած է, որ չի խօսիր անկախ մարմին ըլլալու մասին։
Մարուքեանի խօսքով՝ հասարակութիւնն այժմ բացասական վերաբերմունք ունի ՀՀ դատական համակարգի նկատմամբ։
«Սիրելի հայրենակիցներ, դուք յունիսի 7-ին հնարաւորութիւն ունէք քուէարկելու մեր օգտին, եւ մենք ամբողջութեամբ կը փոխենք այս համակարգը»,-ըսած է Մարուքեանը։
Մայիս 8-ին մեկնարկած է յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ յունիս 5-ը։ Ընտրութիւններուն մասնակցելու համար առաջադրուած է 19 քաղաքական ուժ՝ 2 դաշինք եւ 17 կուսակցութիւն։
«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն կը մասնակցի 19 համարի ներքոյ։ Կուսակցութեան կարգախօսն է՝ «Պաշտպանիր ինքնութիւնդ»։ Կուսակցութիւնը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով ներկայացուցած է 89 թեկնածուէ բաղկացած ընտրական ցուցակ, որ կը գլխաւորէ Էտմոն Մարուքեանը։