image

Լիբանանի մէջ. Ընտրութեան արդիւնքներու երկար օրը աւարտեցաւ Յակոբ Բագրատունիի յաղթանակի լուրով (Տեսանիւթ)

 Լիբանանի մէջ. Ընտրութեան արդիւնքներու   երկար  օրը աւարտեցաւ Յակոբ Բագրատունիի յաղթանակի լուրով  (Տեսանիւթ)

Իր կարգին Բագրատունի, մօտենալով համակիրներուն յայտարարեց, որ «տեղի ունեցած բոլոր տեսակի դաւադրութիւններուն մենք յաղթանակ տարինք եւ այս յաղթանակը ամբողջ հայութեան յաղթանակն է»։

 

Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած Խորհրդարանական ընտրութիւնները արդէն մեր ետին են։

 

 Լիբանանահայ մեր վեց հայրենակիցները (ինչպէս նախատեսած էինք աւելի վաղ) անցած են խորհրդարան եւ մաս կը կազմեն երեսփոխաններէն բաղկացող նորակազմ Խորհրդարանին։

 

 Կարեւոր է նշել, որ երէկ ընտրութեան արդիւնքներու ամփոփման օրը եղաւ մարաթոնային օր Լիբանանի ՀՅԴ շրջանակներուն համար, Լեռնալիբանանի (Մեթնի) շրջանին մէջ տիրող խճճուած պատկերին հետեւանքով։ 

 Ու տարբեր հանգամանքներու, ընտրական նրբութիւններու հետեւանքով յետմիջօրէի ժամերէն սկսեալ լուրեր տարածուեցան ըստ որոնց, Մեթնի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան թեկնաղու ՝ լրագրող Ժատ Ղըսն յաղթանակ տարած է, որուն հետեւանքով ալ կը վտանգուէր ՀՅԴ-ի գլխաւոր թեկնածուին ՝ Յակոբ Բագրատունիի ընտրուելու հաւանականութիւնը։

 Սակայն աւելի ուշ Պէյրութի ժամով երեկոյեան ժամը Ներքին Գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուի կը յայտարաէր Մեթնի վերջնական արդիւնքները եւ ի շարս այլ անուններու կը յայտարարէր Յակոբ Բագրատունիի անունը։

 Բագրատունիի յաղթանակի լուրը կ՚ընդունուէր մեծ խանդավառութեամբ մասնաւորապէս Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանին մէջ, ուր ՀՅԴ անդամներ եւ համակիրներ կ՚ուղղուէին «Շաղզոյեան կեդրոն» ողջունելու համար Յակոբ Բագրատունիի տարած յաղթանակը։

 

 

 

 

Իր կարգին Բագրատունի, մօտենալով համակիրներուն յայտարարեց, որ «տեղի ունեցած բոլոր տեսակի դաւադրութիւններուն մենք յաղթանակ տարինք եւ այս յաղթանակը ամբողջ հայութեան յաղթանակն է»։

 

 Ներկայացուցչական առումով մեծ խոցելիութիւններ ունեցող ընտրական օրէնքին տուած բոլոր դժուարութիւնները անտեսելով լիբանանահայութիւնը այս անգամ եւս կարողացաւ բարձր ճակատով աւարտել այս ընտրութիւնները։

 

Յիշեցնենք, որ Յ. Բագրատունիէն բացի խորհրդարան հասան  ՝ Յակոբ Թէրզեան,  Ժան Թալլուզեան, Ժիհատ Բագրատունի,  Փօլա Եագուպեան եւ  Ժորժ Պուչիքեան։

 

Լուրը՝  «Արեւելք»ի