image

Լիբանան մինչեւ հոկտեմբեր «Քաոս»ի մէջ պիտի ապրի

  Լիբանան մինչեւ հոկտեմբեր «Քաոս»ի մէջ պիտի ապրի

Բոլորը «կը խաղան» Լիբանանի մէջ, բոլոր իրարու նամակներ կը փոխանցնեն, բոլորը անոր գետիններուն վրայ արիւնով, մահով, թմրեցուցիչով եւ դրամ լուալու գործարքներով կը զբաղին, բայց երբ հարցը վերաբերի այդ երկրին մէջ «տանելի» վիճակ մը ստեղծելուն, բոլորը կը լքեն ու կը հեռանան։ 

 

 Ու այդ հեռացումին հետ ալ դարձեալ իր տխուր ճակատագրին, իր ահին ու մեծ կորուստին դէմ հանդիման կը մնայ լիբանանցի շարքային քաղաքացին, որ կը մեռնի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի ցնցումէն, կամ ալ Թրիփոլիի «մահուան ափեր»էն խոյս տալ չկրցող ու անոր «սեւ ջուրեր»ուն մէջ ընկղող նաւակներու խորտակումէն։

 

 Բոլորը  «կը մեռնին» այդ քաոսին մէջ, իսկ իշխանաւորները, որոնք իրենց աթոռներուն, բեմադրական հաշիւներուն ու կեղծ ընդդիմութիւն-իշխանութիւն խաղին մէջ են, դարձեալ կը պահուըտին իրենց գործած մեղքերու բոցերուն մէջ։

 

 

Վերջին օրերուն Լիբանանի մէջ առկայ տագնապներուն մասին եղած վերլուծութիւնները բնաւ յուսադրիչ չեն։

 Խօսքը կը վերաբերի մասնաւորապէս «Շարք ալ աուսաթ» պարբերականին, որ կիսով չափ կը համարուի Սէուտական Արաբիոյ խօսափողը։ Թերթը, որ կը տպագրուի Լոնտոնի մէջ օրերս ուշագրաւ նիւթեր հրապարակած է Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական- ընկերային տագնապներուն մասին նշելով, որ այս օրերուն անգամ մը եւս գլուխ ցցող ընկերային խնդիրները ըլլայ այն հացի, վառելանիւթի, դեղորայքի կամ ջուրի ու ելեկտրականութեան տագնապներ աւելիով պիտի սրին ու երկիրը տանին քաոսային դրութեան մը։ 

 

Յստակ է, որ այս օրերուն Լիբանանի քաղաքական կեանքի առանցքը կը դառնայ վարչապետ Նէժիպ Միքաթիի, հետեւաբար նաեւ նոր կառավարութեան մը կազմութեան խնդրին շուրջ, սակայն միամտութիւն է կարծել, կամ նոյնիսկ ակնկալել,որ ցանկացած կառավարութիւն, նոյնիսկ եթէ այն կազմուի «համերաշխութեան» մը հիմքերով կը կարողանայ երկարաժամկէտ լուծումներ բերել վիրաւոր Լիբանանին։

 

 Ներկայ պահու դրութեամբ Լիբանանի տագնապներու «սանձ»ը կամ այդ տագնապներուն ուղղութիւն տուող ճանապարհները կամ ցնցումները չեն գտնուիր Լիբանանի մէջ։ Այս մէկը անշուշտ նորութիւն չէ, բայց եւ այնպէս եթէ հաշուի առնենք տնտեսապէս քայքայուած, հիմնական պէտքերէ զրկուած, անասելիօրէն արժեզրկուած թղթադրամ ունեցող երկիրը կարիքն ունի արմատական լուծումներու։ Եւ այդ լուծումները անկարելի է, որ ըլլան երկրին մէջ «եփուող» լուծումներ։ 

 Նոյն շրջագիծին մէջ երէկ կարեւոր հրապարակում մը կատարած էր լիբանանեան «Ալ Ախպար» պարբերականը, որ առկայ պատկերը նկարելէ անդին նաեւ գրած էր, որ Միացեալ Նահանգներ, բայց յատկապէս Սէուտական Արաբիա միտում ունին, նպատակ ունին քնացնել «Լիբանանեան թնճուկ»ը։ 

 Թղթածրար մը, որուն մէջ կայ բազմապիսի կողմերու շահագրգռուածութիւնը, դժբախտաբար առաջուան «հմայք»ն ու «գրաւչութիւն»ը։ Լիբանանը դարձած է բեռ, իսկ լիբանանցիք դարձած են կիսով չափ արհեսականօրէն ստեղծուած տագնապին վառելանիւթն ու պէնզինը։

 

 Անոնք չունին հաց, ջուր, ելեկտրականութիւն, եւ վառելանիւթ, սակայն էին եւ դեռ ալ են «պէնզին» ներքին օրակարգի արտաքին հմայք ունեցող խնդրին մէջ, որ տարբեր առիթներով ալ մկրտուած է «Լիբանանեան թղթածրար» անունով։ 

 Ու այստեղ ուշզագրաւն այն է, որ ի հեճուկս վաղ -ականներու պատկերին, այսօր Լիբանանը դադրած է Մերձաւոր Արեւելքի խնդիրներու լուծման մեծ տարրալուծարանը դառնալու իր կարեւոր դերէն։

 

 Բոլորը «կը խաղան» Լիբանանի մէջ, բոլոր իրարու նամակներ կը փոխանցնեն, բոլորը անոր գետիններուն վրայ արիւնով, մահով, թմրեցուցիչով եւ դրամ լուալու գործարքներով կը զբաղին, բայց երբ հարցը վերաբերի այդ երկրին մէջ «տանելի» վիճակ մը ստեղծելուն, բոլորը կը լքեն ու կը հեռանան։ 

 

 Ու այդ հեռացումին հետ ալ դարձեալ իր տխուր ճակատագրին, իր ահին ու մեծ կորուստին դէմ հանդիման կը մնայ լիբանանցի շարքային քաղաքացին, որ կը մեռնի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի ցնցումէն, կամ ալ Թրիփոլիի «մահուան ափեր»էն խոյս տալ չկրցող ու անոր «սեւ ջուրեր»ուն մէջ ընկղող նաւակներու խորտակումէն։

 

 Բոլորը «կը մեռնին» այդ քաոսին մէջ, իսկ իշխանաւորները, որոնք իրենց աթոռներուն, բեմադրական հաշիւներուն ու կեղծ ընդդիմութիւն-իշխանութիւն խաղին մէջ են, դարձեալ կը պահուըտին իրենց գործած մեղքերու բոցերուն մէջ։

 

 Կայ հաւաքական թշնամի մը, որ չես գիտեր երբ կրնայ հարուածել փոքրիկ Լիբանանը, իսկ անոր հասարակութեան մէջ ամէն օր իր գլուխը վեր հանող ախտերը կամաց-կամաց մանր թելերով կը մանեն մեծ կորուստներու թանձր սարդոստայնները։ 

 

 Լիբանանը կը մտնէ նոր քաոսներու փուլ մը, առաւելապէս աւելի ցաւոտ, աւելի ցաւագին ու աւելիով մտահոգիչ պարզ այն պատճառով, որ անոր տագնապներուն տուն-տեղ տուող երկիրները եւ տէրութիւնները տակաւին չեն որոշած ինչպէս կռուիլ այն հրէշներուն դէմ, որ մինչեւ երէկ կը համարուին սպիտակ հրեշտակներ։

 Ու այս բովին, այս ամենակուլ պայմաններուն, ու մեծ հարցումներուն ներքոյ նոյն Լիբանանը կը պատրաստուի նախագահական ընտրութիւններու օրակարգին, որ ներկայացուած պատկերին մէջ ամէն պարագայի ցոյց կու տայ, որ կրնայ իրականութիւն դառնալ նաեւ մեծ ցնցումներու որոտներուն տակ։

 

 Ամէն պարագայի յստակ է, որ այսօր առկայ տագնապալի դրոյթները, սովամերձ վիճակը, հացի, ջուրի, ելեկտրականութեան, դեղի ու պէնզինի տագնապերը դեռ պիտի շարունակուին, մինչեւ որ «հոգատարութեան» վերարկուն իրենց վրայ կրող երկիրները պահ մը որոշեն կաթիլ մը յոյս եւ գոնէ ժամանակաւոր լուծումներու բանալին դուրս բերել գրաւի դրուած մեծ արկղէն, որուն դուրսի երանգները սեւ են իսկ խորքային երանգը միշտ կարմիրն է, սարսափ տուող եւ վրէժներու մէջէն սնունդ առնող։

 

Ուրեմն լուծումներու փուլը դեռ պիտի յետաձգուի, ապահով կերպով մեզի յուշելով, որ ինչ ալ ըլլան գողգոթաները Լիբանանը մեռնող տեսակ չէ, ու ան պիտի ապրի եւ գոյատեւէ։

 

 Սպասենք այդ գոյատեւումի յոյսին։ 

 

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...