image

Լիբանան. «Ֆրանսապանք»ի տագնապը եւ ... Ռիատ Սալամէի ճակատագիրը

Լիբանան. «Ֆրանսապանք»ի տագնապը եւ ... Ռիատ Սալամէի ճակատագիրը

Լիբանանի ողջ տարածքով երկրի դրամատուները  երկօրեայ գործադուլի մը դիմած են։ Խնդիրն այն է, որ  երկրի  դատական  համակարգի   կարգ մը ներկայացուցիչներ     տարբեր մակարդակի ճնշումներ  ձեռնարկած են  դրամատուներուն դէմ։

Այդ  ճնշումները  կերպով մը քաղաքականացուեցան, երբ   Լիբանանի նախագահ Զօր. Միշէլ Աունին  մօտիկ համարուող Դատախազ  Ղատա  Աուն բերման հրմանագիր մը հրապարակեց   Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան  կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եղբօր Ռիտա Սալամէին դէմ, որ մինչեւ այս պահը կը գտնուի  կալանքի տակ։

Առկայ լարուածութիւնը, որ նաեւ ունի  քաղաքական ենթախորգ ու   ձեւով մըն ալ մաս կը կազմէ    մէկ կողմէ նախագահ Աունի    երկրին  մէջ առկայ կաշառակերութեան  դէմ պայքարին  եւ միւս կողմէ ալ  Իրան-Ամն    «ծանրագին»  պարանձգութեան կրնայ յաւելեալ լարումներու պատճառ դառնալ։

 Կարգ  մը   դէտեր, որոնք խոր մտահոգութիւն կը յայտնեն փոքր   աւանդատէրներու    դրամատուներուն մէջ ունեցած   աւանդներուն ընդհանուր   ճակատագրին վերաբերեալ, նաեւ   կանխատեսած են, որ    իր  թէժ  փուլին մէջ գտնուող   «դրամատնային  համակարգին շուրջ   եղած  պայքար»ը կրնայ     նոր տագնապներու եւ նոյնիսկ  փողոցային նոր պայքարի մը  էջը բանալ։ 

Ամէն պարագայի  տնտեսական   դժուարութիւններէն անդին, Լիբանանի մէջ «ստեղծուած»    եւ   ընթացող պայքարը, ունի  քաղաքական  շատ խորը արմատներ, որոնք անպայմանօրէն կը սպասեն  Միացեալ Նահանգներ-Իրան   յարաբերութիւններու ընդհանուր կարգաւորման։

 

Լիբանանի տնտեսական տագնապի ֆոնին դրամատուներուն եւ աւանդատէրերուն բախումները հետզհետէ կը սրին: Օրերս Լիբանանի դատաւորներու  գործադիր մարմինը փակած է «Ֆրանսպանք» դրամատան երկու մասնաճիւղեր  առգրաւելու համար  անոնց պարունակութիւնը, երբ վերջինս հրաժարած է վճարել յաճախորդի մը գումարը: Դատաւորներու ակումբը յայտարարութիւն տարածած է, արձագանգելով «Ֆրանսպանք»-ի հետ կապուած խնդիրներուն: 

 Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Ալ Նահար կայքէն:

Դատաւորներու ակումբի յայտարարութեան մէջ  մասնաւորապէս գրուած է, «Եթէ չես ամչնար, ամէն ինչ ընելու ընդունակ ես: Այսպէս վարուեցաւ դրամատունը, որ իր յաճախորդին իրաւունքը վճարելու փոխարէն, պատրուակելով Պէյրութի Գործադիր բաժանմունքի նախագահ, դատաւոր՝ Մարիանա Անանի որոշումը, որ կը սահմանափակէ դրամատան գումարները, փակեց իր դռները պետական պաշտօնեաներուն, զինուորականներուն ու քաղաքացիներուն առջեւ մտահոգութիւն առաջացնելով անոնց  մօտ»:

 Այս  առումով ալ դատաւորներու ակումբը յստակացուցած է որոշ կէտեր: Ան ըսած է, թէ այս որոշումը կը դասուի նոյնանման այլ դատական որոշումներու շարքին, որոնք կ'առնուին, երբ դրամատուն մը չի վճարեր յաճախորդին աւանդները: 

Յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, թէ «ֆրանսպանք» դրամատունը պաշտօնական կերպով տեղեկացուած է դատական որոշումով, բայց եւ այնպէս  հրաժարած է զայն գործադրելէ: Չնայած, որ դրամատունը բողոքարկած է որոշումը նախքան անոր ուժի մէջ մտնելը, սակայն չէ յաջողած զայն կասեցնել:   

Դատաւորներու ակումբը պարզաբանած է, թէ որոշումը չէր ընդգրկած որեւէ մասնաճիւղի փակում, ինչպէս տարածուած է հանրութեան մօտ վերջինիս կարծիքը մոլորեցնելու համար, այլ՝ առգրաւում դրամատան երկու մասնաճիւղի պարունակութիւնն ու ունեցուածքը,  ինչ որ չ'արդարացներ, որ դրամատունը դադրեցնէ յաճախորդներու սպասարկումը ամբողջ Լիբանանի մէջ: 

«Օրէնքը կը թելադրէ, որ ան որ ինքզինք տուժուած կը զգայ որեւէ դատական որոշումի պատճառով պէտք է դիմէ վճռաբեկման միջոցներուն ըստ օրէնքի, եւ չթաքնուի իր յօրինած փաստարկումներուն ետեւ խուսափելու համար իր պարտաւորութիւններէն, կամ դիմէ իշխանութիւն վայելող անձնաւորութիւններու օգնութեան հակասահմանադրական կեցուածքներ որդեգրելու համար, որ իր կարգին ցոյց կու տայ անոնց մեղսակցութեան աստիճանը», եզրափակած է յայտարարութիւնը: