Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Լիբանանեան պատերազմի վերջին ժամանակներուն Պէյրութի մէջ գործող «Վանայ Ձայն»ը դարձած էր մշտական ժամադրավայր։
Ընկերներ, միջավայր, հայերէն երգ ու խօսք ու մանաւանդ պատերազմական օրերու «կիսուած» Պէյրութին մէջ ձեւով մը «ովասիս»։
Միայն «թէժ» գաղափարական- հոգեւոր սնունդի տեղ մը չէր «Վանայ Ձայն»ը այլ շատ աւելին։
Հոն էր, որ մեր ականջները կը լեցուէին «մաքուր» հայերէն երգերով ու խօսքով, հոն էր, որ կը հանդիպէինք այդ օրերուն հիւր կամ բնիկ պէյրութահայ կարեւոր անուններու կամ հեռուները ապրող եւ մեզի իրենց ձայնը «նուիրած» զուլալ անուններու։
Անոնցմէ էր Անտրէ Տանիքը. Բնիկ պարսկահայ երգիչը, տաղանդաւոր էր, իւրայատուկ ձայն ունէր եւ անոր երգերը շատ արագօրէն դարձած էին հոգեհարազատ ու սիրելի։
Տարիները կը սահէին-կ՚անցնէին ու Անտրէն շատ ու շատ երգիչներու նման կը շարունակէր իր գործունէութիւնը՝ «Մեծն Լոս Անճըլըս»ի մէջ։
Համերգ-բան չեմ գիտէր, ոչ ալ բառ միսկ լսած եմ անոր մասին։
Պիտի ըսէիք՝ Ամերիկան այդպիսին է- պիտի ըսէի այս ճակատագիրը յատուկ է մանաւանդ սփիւռքահայ երգիչներուն, որոնք իրենց աչքերը աշխարհին կը բանան յոյսով ու մեզմէ առ յաւէտ կը հեռանան կարօտով։
Այսօր Անտրէն չկայ...
Մնաց անոր վառ յիշատակը, մնաց անոր զուլալ ձայնը, մնացին այդ յիշատակները, որոնց մէջ կար կաթիլ մը անոր վերյուշէն, անոր մշակած գործէն, անոր երգէն ու յոյզէն։
Հայու ճակատագիր, որ ամբողջ կեանք մը տուն-տեղ կը փնտռէ ու ... ապա կը հեռանայ մեծ կարօտներով։
Յիշատակիդ ու հայ երգիդ համար՝ լոյս, սիրելի եղբայր...
Լուսանկարը՝ Անտրէի վերջին ձայնագրութիւններու խտասալիկէն։