image

ԼՂ-ի մէջ խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ խախտումներ չեն արձանագրուած. ՌԴ ՊՆ

ԼՂ-ի մէջ խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ խախտումներ չեն արձանագրուած. ՌԴ ՊՆ

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներու կատարումը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Ռուս խաղաղապահներու կողմէ քսանեօթը դիտակէտերու մէջ իրադրութեան շուրջօրեայ վերահսկողութիւն եւ կրակի դադրեցման պահպանման վերահսկողութիւն կ'իրականացուի:

Կը նշուի, որ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ խախտումներ չեն արձանագրուած:

Ռուսական խաղաղապահ սակրաւոր խումբերը կը շարունակեն տեղանքի ականազերծումը: Օրուան ընթացքին մաքրուած է 1,3 հա տարածք, յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 1 պայթուցիկ առարկայ:

Ռուս խաղաղապահներու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու նպատակով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերիու գլխաւոր շտաբներուն հետ շարունակական փոխգործակցութիւնը կը պահպանուի», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: