image

ԼՂ հարցը դեռ պէտք է կարգաւորուի. Դեսպան Լին Թրէյսի

ԼՂ հարցը դեռ պէտք է կարգաւորուի. Դեսպան Լին Թրէյսի

ԼՂ հակամարտութիւնը դեռ պէտք է կարգաւորուի, իսկ Արցախի կարգավիճակի հարցին մէջ յստակութիւն ըլլայ, կ'ըսէ ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսի:

Դեսպանը ըսած է, որ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի երեք հիմնարար սկզբունքները կը մնան արդիական ու կիրառելի: «Տարածքային ամբողջականութիւնը հիմնական սկզբունքներէն մէկն էր, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքը, ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման սկզբունքը», ըսաւ դեսպանը եւ ընդգծեց, որ դժուարութիւնները, տարակարծութիւններն ու լարուածութիւնը յաղթահարելու համար յիշատակուած սկզբունքները այժմ ալ կրնան ուղղորդող ըլլալ բանակցութիւններու տեսանկիւնէն, որովհետեւ «որպէս համանախագահող՝ մենք կը ձգտինք տեւական, մնայուն խաղաղութեան, իսկ անոր համար անհրաժեշտ է համապարփակ բանակցութիւններ վարել, անհրաժէշտ է, որ կողմերը պատրաստ ըլլան անկեղծ խօսելու իրար հետ եւ փոխզիջումներ ընելու», ըսաւ Թրէյսի:

«2020-ի Նոյեմբերին կնքուեցաւ հրադադար. շատ կարեւոր է, որ մենք կարենանք հասկնալ իւրաքանչիւր կողմին շահը, հետաքրքրութիւնը։ Շահերէն մէկը տարածքային ամբողջականութիւնն է, բայց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքորոշումը նոյնպէս հիմնական սկզբունքներէն մէկը եղած է եւ կը մնայ, որ կարելի չէ արհամարհել», շեշտեց դեսպանը։