Ամերիկացի փաստաբան, մարդկային իրաւանց եւ միջազգային իրաւունքի առաջատար մասնագէտ Ալֆրետ Տը Զայաս անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին եւ վրդովմունք յայտնած։
Ան գրառում ըրած է թուիթըրեան իր միքրոպլոկին։
«Հիմնական լրատուամիջոցները ձեզի չեն տեղեկացներ, բայց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արդէն սովամահութեան դէպքեր կան։ Անոնք առաջացած են Ատրպէյճանի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով: Ո՞ւր է վրդովմունքը։ Ինչո՞ւ որեւէ մէկը ուշադրութիւն չի կեդրոնացներ հայերու ինքնորոշման վրայ»,- գրած է փաստաբանը։