image

Կաթողիկոսին դեռեւս արգիլուած է լքել Հայաստանը. փաստաբան

Կաթողիկոսին դեռեւս արգիլուած է լքել Հայաստանը. փաստաբան

Փաստաբան Արա Զոհրապեան յայտնած է, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ Ներսիսեանի եւ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներու վերաբերեալ դատական գործով նիստի հերթական յետաձգումը կը շարունակէ անորոշութեան մէջ պահել նաեւ Կաթողիկոսի տեղաշարժի սահմանափակման հարցը։

Զոհրապեան ընդգծած է, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին տակաւին արգիլուած է լքել Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ինչ որ, իր գնահատմամբ, կը խոչընդոտէ անոր՝ արտերկրի հայ համայնքներ այցելելու եւ հովուապետական պարտականութիւնները լիարժէք կատարելու հնարաւորութիւնը։

Փաստաբանական խումբը կը պահանջէ դադրեցնել Կաթողիկոսի եւ հոգեւորականներու նկատմամբ քրեական հետապնդումը, ինչպէս նաեւ վերացնել երկրէն դուրս գալու արգելքը։

Զոհրապեան նաեւ պնդած է, որ ընթացող դատական գործընթացը եւ դատաւորներու ինքնաբացարկի ու գործի փոխանցման հետ կապուած զարգացումները կը երկարաձգեն Կաթողիկոսի տեղաշարժի սահմանափակումը։ Ան իշխանութիւններու գործողութիւնները դիտարկած է իբրեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան նկատմամբ ճնշում եւ կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան՝ հարցը գնահատելու կրօնական ազատութեան, Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան եւ արդար դատաքննութեան երաշխիքներու տեսանկիւնէն։