Երեւանի մէջ, այսօր` 24 Սեպտեմբերին, կրակոցներ հնչած են. ժամը 02։40-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Աբովեան փողոցին վրայ՝ «Կինօ Մոսկուայի» հարեւանութեամբ, կրակոցներ հնչած են եւ կան վիրաւորներ։
Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ, մինչ դէպքի վայրը կ'աշխատէին ոստիկանները, թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոցէն ահազանգ ստացուած է ոստիկանութեան կեդրոնական բաժին, որ հրազէնային վնասուածքներով իրենց մօտ տեղափոխուած է երկու քաղաքային։
Հիւանդանոց մեկնած Կեդրոնի ոստիկանութեան ծառայողները պարզած են՝ վիրաւորներն են Տավուշի մարզի բնակիչներ՝ 23-ամեայ Արման Խաչատրեանը եւ 24-ամեայ Սերկէյ Մելիքեանը։ Ըստ բժիշկներուն՝ վերջիններս ի վիճակի չեն կատարուածին մասին բացատրութիւններ տալու, քանի որ անոցնմէ մէկը կը գտնուի ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ, միւսն ալ՝ միջին ծանր:
Կայքի տեղեկութիւններով՝ վիրաւորներէն Ս. Մելիքեանը Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր, Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Գագիկ Մելիքեանի որդին է։
Փաստի առթիւ քննչական 3-րդ բաժնին մէջ յարուցուած է քրէական գործ:
Ոստիկաններն ու քննիչները տաք հետքերով պարզած են, որ վիճաբանութիւնը տեղի ունեցած է Աբովեան 3/1 հասցէին վրայ գործող «ԷՎՆ» սրճարանին մէջ յառաջացած վիճաբանութեան ժամանակ, որ այնուհետեւ շարունակուած է սրճարանէն դուրս՝ Աբովեան 5 եւ 7 հասցէներուն միջեւ ինկած միջանցիկ ճանապարհին, ուր անհայտ անձը դեռեւս չպարզուած տեսակի հրազէնէ քանի մը անգամ կրակոցներ արձակած է Ս. Մելիքեանի եւ Ա. Խաչատրեանի ուղղութեամբ։
Դէպքի վայրի զննութեամբ քննիչները յայտնաբերած են արնանման հետքեր, 3 հատ 9 մմ տրամաչափի փամփուշտի պարկուճ եւ 2 հատ 9 մմ տրամաչափի փամփուշտի գնդակ։