image

Կիւմրիի մէջ հրդեհ. Կան տուժած եւ տարհանուածներ

 Կիւմրիի մէջ հրդեհ. Կան տուժած եւ տարհանուածներ

Հրդեհ բռնկած է Շիրակի մարզի Կիւմրի քաղաքի շէնքերէն մէկուն մէջ, կայ տուժած։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

 

Նշուած է, որ այսօր ժամը 11:12-ին, Շիրակի մարզային փրկարարական վարչութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոնը տեղեկութիւն ստացած է, որ հրդեհ բռնկած է Կիւմրի քաղաքի Մինաս Աւետիսեան փողոցի թիւ 5 շէնքի շքամուտքին մէջ:

 

Դէպքի վայր մեկնած է ՆԳՆ Փրկարար ծառայութեան մարզային փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ։

Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 11:22-ին, մարած՝ 11:34-ին: Այրած է թիւ 5 շէնքի մուտքի փայտէ դուռը (մօտ 2 քմ):

Փրկարարները տարհանած են 20 բնակիչ․ շտապ օգնութեան աշխատակիցները Գ․ Թ․-ին (1950-ի ծնունդ) ցուցաբերած են առաջին բուժօգնութիւն եւ ծխահարման նախանշաններով փոխադրած բժշկական կեդրոն: