Սամարայի մարզի Չապաեւսք քաղաքին մէջ անօդաչու թռչող սարքերու զանգուածային յարձակման ենթարկուած է «Ozon»-ի մատակարարման կեդրոնը։ Պահեստին մէջ մեծ հրդեհ բռնկած է, տարհանուած է աւելի քան 500 աշխատակից, իսկ կեդրոնի աշխատանքը ժամանակաւորապէս դադրեցուած է։
Արտակարգ ծառայութիւններու տուեալներով՝ յարձակման հետեւանքով 4 մարդ վիրաւորուած է։ Տուժածներէն երեքին վիճակը թեթեւ է, իսկ մէկը՝ ծանր. տարհանման ժամանակ ան երկրորդ յարկի պատուհանէն վար նետուած է եւ այժմ վիրահատութեան կ՚ենթարկուի։
Մարզի ղեկավար Վեաչեսլաւ Ֆետորիշչեւի համաձայն՝ գիշերը տարածաշրջանի երկինքին մէջ ընդհանուր առմամբ քանի մը տասնեակ անօդաչու թռչող սարքեր խոցուած են։
Նշենք, որ գիշերը ուքրանական անօդաչու թռչող սարքերը յարձակած էին Ռուսիոյ Սամարայի մարզի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կառոյցներու վրայ։