image

Կիրքերը կը բորբոքին Տոնպասի շուրջ

Կիրքերը կը բորբոքին Տոնպասի շուրջ

 

Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ռուսաստանը Տոնպասի հակամարտութեան սրման համար կը մեծցնէ ռազմական ներկայութիւնը եւ կը բարձրացնէ իր բանակի մարտունակութիւնը: Այս մասին յայտնած է գերատեսչութեան մամուլի ծառայութիւնը։

 

Ինչպէս նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, Մոսկուան վերջին օրերուն աշխոյժացուցած է Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ինքնահռչակ հանրապետութիւններու ժողովրդական աշխարհազօրի ստորաբաժանումներու պատրաստումը, ինչպէս նաեւ սահմանին կեդրոնացուցած է կանոնաւոր բանակի ստորաբաժանումներ:

«Ռուսական բռնատիրական զօրքերը կը շարունակեն սադրիչ գնդակոծութիւններ իրականացնել ուքրանացի պաշտպաններու դիրքերու ուղղութեամբ՝ հրադադարի ռեժիմի խախտման համար անոնց մեղադրելու նպատակով»,- ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Բացի այդ, գերատեչութիւնը Մոսկուան մեղադրած է «քարոզչական ջանքերու» աւելացման համար, որով «ՌԴ-ն կը փորձէ միջազգային հանրութեան աչքերուն արդարացնել Ուքրանիոյ դէմ ՌԴ զինուած ուժերու հնարաւոր սադրանքները»։

Նշուած է նաեւ, որ իրավիճակի սրման պարագային Ուքրանիան «համարժէք պատասխան» պիտի տայ: