image

Կիլիկեան Աթոռի մասնակցութիւնը՝ լիբանանեան Սփիւռքի երկրի ընտրութիւններուն մասնակցութեան նուիրուած քննարկման

Կիլիկեան Աթոռի  մասնակցութիւնը՝ լիբանանեան Սփիւռքի   երկրի ընտրութիւններուն մասնակցութեան նուիրուած քննարկման

Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մասնակցած է լիբանանեան Սփիւռքի երկրի ընտրութիւններուն մասնակցութեան նուիրուած  հրապարակային քննարկման։

 Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ  «Կիլիկիա» հարթակէն։ 

Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը՝

 

Երեքշաբթի, 22 Յուլիս 2025-ին, նախաձեռնութեամբ Լիբանանի Համաշխարհային Տունը (World House of Lebanon) կազմակերպութեան եւ MTV պատկերասփիւռի կայանին, Լիբանանի Տպայէ շրջանին մէջ կայացաւ հրապարակային քննարկում մը՝ նուիրուած Լիբանանի երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն լիբանանեան սփիւռքին մասնակցութեան հարցին:

Հրապարակային քննարկումին ներկայ էին Լիբանանի զանազան համայնքները ներկայացնող հոգեւորականներ, մեծաթիւ երեսփոխաններ, դիւանագէտներ, օրէնսգէտներ եւ լիբանանեան սփիւռքը ներկայացնող անձեր: Ընդառաջելով Կաթողիկոսարանին ուղղուած հրաւէրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, այս հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Կաթողիկոսարանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան բաժանմունքի պատասխանատու Հոգեշնորհ Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան եւ Հոգեշնորհ Տ. Մովսէս Աբղ. Եօսուլքանեան:

Քննարկումներու ընթացքին հանդէս եկան համայնքներու ներկայացուցիչներ ու երեսփոխաններ, որոնք կարեւորութեամբ շեշտեցին լիբանանեան սփիւռքին երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Նաեւ խօսք առաւ հայր Սարգիսը: Ան ըսաւ, թէ սփիւռքի լիբանանցիներուն մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն իրաւունք ըլլալէ անդին պարտաւորութիւն ու պարտականութիւն է։ Անոնց լիիրաւ մասնակցութեամբ՝ լիբանանցիք կ՚ամրապնդեն Լիբանանի նկատմամբ իրենց ու ապագայ սերունդներուն պատկանելիութիւնը: Հայր սուրբը նաեւ յիշեցուց, որ ընտրութիւններու մասնակցութեամբ սփիւռքի լիբանանցիները աւելի պատասխանատու կերպով իրենց շրջապատէն ներս կ՚աշխատին՝ Լիբանանին օգտակար հանդիսանալու ուղղութեամբ:

Յիշեալ հրապարակային քննարկումը տեղի ունեցաւ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան մթնոլորտի մէջ եւ բոլոր ներկաները շեշտեցին լիբանանեան սփիւռքին երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը, միաժամանակ յիշեցնելով, որ այս գծով յատուկ գործընթացքներ հարկ է որ ճշդուին:

Յայտնենք, որ շուրջ երկու ժամ տեւած քննարկումը ուղիղ եթերով սփռուեցաւ MTV հանրածանօթ հեռուստակայանէն: