image
Հրատապ լուրեր:

Խրուաթիան «Մոնտիալ-2022»-ի պրոնզեայ մետալակիր

Խրուաթիան «Մոնտիալ-2022»-ի պրոնզեայ մետալակիր

Խրուաթիոյ հաւաքականը պատմութեան մէջ երրորդ անգամ կը նուաճէ մետալ Աշխարհի ախոյեանութեան (ԱԱ):

17 դեկտեմբերին, ԱԱ-2022-ի երրորդ տեղին համար հանդիպեցան Մարոքի եւ Խրուաթիոյ հաւաքականները։ Յիշեցնենք, որ խումբերը արդէն հանդիպած էին խմբային փուլի ծիրէն ներս եւ այդ խաղին արձանագրուած էր կոլազուրկ ոչ ոքի։

Հանդիպման մեկնարկէն  իսկ խրուաթները սկսան շատ աշխոյժ գործել՝ դիմելով բարձր ճնշումի, ինչ որ տուաւ  իր արդիւնքը։ Հանդիպման 7-րդ րոպէին խրուաթ պաշտպան 20-ամեայ Կուարտիոլը բացաւ հանդիպման հաշիւը։ Ի դէպ՝ Կուարտիոլը Խրուաթիոյ հաւաքականի ամենաերիտասարդ ֆութպոլիստն է, որ կոլի հեղինակ դարձած է ԱԱ-ին․ ան այդ ցուցանիշով գերազանցեց Իվիցա Օլիչի մրցանիշը։

Բայց Տալիչի սաներու ուրախութիւնը երկար չտեւեց․ երկու րոպէ անց Տարին հաւասարեցուց հաշիւը՝ 1-1։

42-րդ րոպէին Խրուաթիոյ երկրորդ կոլը խփեց 29-ամեայ յարձակող Միսլաւ Օրշիչ, որուն կոլային փոխանցում կատարեց 29-ամեայ յարձակող Մարքօ Լիւայան:

Երկրորդ կիսախաղին որոշակի առաւելութիւն ունէր Խրուաթիան, որ կարողացաւ պահպանել յաղթական հաշիւը։