Հայաստանի սփորթային մարմնամարզութեան հաւաքականի ներկայացուցիչ Արթուր Աւետիսեան Զակրէպի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի առաջնութեան ոսկէ մետալ նուաճած է։
Խրուաթիոյ մայրաքաղաքին մէջ կայացած մրցումին Աւետիսեան օղակներու վարժութեան մէջ արձանագրած է 14,400 միաւոր՝ արժանանալով մայրցամաքային ախոյեանութեան տիտղոսին։ Նոյն մրցաձեւին Հայաստանի հաւաքականի միւս անդամ Վահագն Դաւթեան վաստակած է 14,000 միաւոր եւ եզրափակած լաւագոյն հնգեակը։
Ախոյեանութեան ծիրէն ներս հայ մարմնամարզիկները աւելի վաղ եւս երկու մետալ ապահոված էին. Համլեթ Մանուկեան արծաթէ մետալի արժանացած էր, իսկ Մամիկոն Խաչատրեան պրոնզէ մետալ նուաճած էր նժոյգ-թափեր վարժութեան մէջ։