image

Խրամորթի մէջ հրադադարի հերթական խախտում

Խրամորթի մէջ հրադադարի հերթական խախտում

Մարտ 8-ին ժամը 23:00֊ի սահմաններուն,  Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Խրամորթ գիւղի հատուածին մէջ հակառակորդը հերթական անգամ խախտած է հրադադարը  60 մմ տրամաչափի ականանետէ 3 հատ ական արձակելով գիւղի ուղղութեամբ:

Արցախի Պաշտպանութեան բանակէն կը յայտնեն, որ հայկական կողմէ տուժածներ չկան:

Հրադադարի խախտման դէպքին մասին հաղորդուած է Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան: