Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ 12 ոգոստոսին, եւս 10 բուժառու ուղեկցողներու հետ տեղափոխուած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը։
«Նախատեսւում է օրուայ ընթացքում ԿԽՄԿ մեքենաներով Արցախ վերադարձնել 9 բուժառուի (ուղեկցողների հետ), որոնք ժամանակին պետական պատուէրի շրջանակում ուղեգրուել են ՀՀ բուժում ստանալու համար»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Գերատեսչութիւնը նշած է, որ ատրպէյճանական կողմը շարունակաբար կ'արգիլէ Կարմիր խաչի ինքնաշարժներով խիստ անհրաժեշտ դեղորայքի եւ բժշկական պարագաներու մատակարարումը Արցախ, իսկ բազմաթիւ բուժառուներ դեռ կը սպասեն իրենց տեղափոխութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ վերադարձին:
«Արեւիկ» բժշկական միաւորումին մէջ այս պահուն բուժում կը ստանայ 26 երեխայ, 7-ը կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունք:
«Հանրապետական բժշկական կեդրոն» Փակ բաժնետիրական ընկերութեան մէջ բուժում կը ստանայ 82 հիւանդ, 6 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք, անոնց վիճակը ծանր է։