Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակելու պատճառով ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»էն վեց հիւանդներ, այսօր՝ 21 յունուարին, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ վեց հիւանդները տեղափոխուած են ՀՀ տարբեր մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։
ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բուժհաստատութիւններուն մէջ կը շարունակեն դադրեցուած մնալ ծրագրային վիրահատութիւնները։
«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ի մէջ 11 բուժառու կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, որոնցմէ 4-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ են։
Մինչ այսօր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած են ընդհանուր 42 հիւանդ։