Համայնք-մասնաւոր գործակցութեամբ պիտի վերականգնուի Երեւանի ամենահին՝ Կարմիր կամուրջը: Այս մասին յայտնած են Երեւանի քաղաքապետարանէն:
Աւելի քան 80 մեթր երկարութիւն ունեցող կառոյցէն մօտ 20%-ը պահպանուած էր: Դարերէն եկած կամուրջի նախագիծը կազմուած է այնպէս, որ արժէքաւոր բոլոր տարրերն ու պատմական շերտերը պահպանուին, ուստի վերակառուցում ու ամրացում նախատեսուած չէ. կամուրջը վերականգնումէն ետք պիտի ծառայէ միայն հետիոտնին: