image

Արեւմուտքը չուզեր, որ կեանքի կոչուին Ռուսիոյ օգնութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները. Լաւրով

Արեւմուտքը չուզեր, որ կեանքի կոչուին Ռուսիոյ օգնութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները. Լաւրով

Արեւմուտքը կը փորձէ խարխլել Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի կայունացման պայմանաւորուածութիւնները. այս մասին այսօր Մինսքի մէջ ԱՊՀ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի արդիւնքներով մամուլի ասուլիսին ըսած է Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովը։

«Միացեալ Նահանգները եւ անոր արբանեակները կը փորձեն խարխլել Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի կայունացման պայմանաւորուածութիւնները: Անոնք չեն ուզեր, որ իրականացուին այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ օգնութեամբ»,-ըսած է ան:

Լաւրովի խօսքով՝ Արեւմուտքը նոյնպէս կը փորձէ աշխուժօրէն ներթափանցել Կեդրոնական Ասիա։

«Անոնք կը ստեղծեն տարբեր ձեւաչափեր, որոնք բացայայտ ուղղուած են Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ։ Ռազմավարական առումով Արեւմուտքի գիծը դատապարտուած է ձախողման»,-աւելցուցած է ան։