image

Կապալայի մէջ հաւաքուած թրքախօս երկիրներու առաջնորդներու ընդունած յայտարարութեան մէջ «Զանգեզուրի միջանցք» բառն օգտագործուած է

Կապալայի մէջ հաւաքուած թրքախօս երկիրներու առաջնորդներու ընդունած յայտարարութեան մէջ  «Զանգեզուրի միջանցք» բառն օգտագործուած է

Կապալայի հռչակագիրը ստորագրուած է Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան 12-րդ գագաթնաժողովին, որ այսօր կայացած է Ատրպէյճանի մէջ։ Փաստաթուղթը ընդունուած է կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպումէն ետք։

Ատրպէյճանի Կապալա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթնաժողովէն ետք՝ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Ղազախստանի, Ղրղզստանի եւ Ուզպեքստանի նախագահները ստորագրած են Կապալայի հռչակագիրը, յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։

Պայրամովի խօսքով՝ փաստաթուղթը յատկապէս կ՚անդրադառնայ «Զանգեզուրի միջանցք»ին։ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան առաջնորդները նշած են Միջին միջանցքի միջազգային փոխադրային երթուղիի՝ ներառեալ «Զանգեզուրի միջանցք»ի ռազմավարական նշանակութիւնը՝ ընդգծելով, որ այն կարեւոր ներդրում պիտի ունենայ թրքախօս պետութիւններու միջեւ կապերու ամրապնդման, առեւտուրի ծաւալներու աճին եւ ներտարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ։