image

Պարզ երկինքը ամպրոպեցաւ․ Հերցոգը պատասխանեց Թրամփի յայտարարութեան

Պարզ երկինքը ամպրոպեցաւ․ Հերցոգը պատասխանեց Թրամփի յայտարարութեան

Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոք յայտարարած է, որ տեղեակ չէ եղած մինչեւ տարեվերջ երկրին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնը դադրեցնելու ծրագիրներէն, որոնց մասին յայտնած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, կը գրէ «The Times of Israel»ը։

Հերցոք խոստովանած է, որ այդ յայտարարութիւնը իրեն համար բոլորովին անսպասելի եղած է։

«Ամերիկեան օժանդակութեան հարցը զիս չափազանց կը մտահոգէ։ Չափազանց», ըսած է Իսրայէլի նախագահը՝ Երուսաղէմի իր նստավայրին մէջ «Եաշար» կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին։

Հերցոկ աւելցուցած է, որ լուրը զինք անակնկալի բերած է, քանի որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ ռազմական օժանդակութեան տրամադրման գործող համաձայնագիրը ուժի մէջ է մինչեւ 2028 թուականը։

Իսրայէլի նախագահը ընդգծած է, որ Ուաշինկթընի հետ սերտ յարաբերութիւններու պահպանումը կը շարունակէ մնալ իր երկրին գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը։

Անոր կարծիքով՝ այս նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է կառավարութիւն կազմել եւ խուսափիլ նոր արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպումէն։

Ամերիկացի պաշտօնեաներ եւս ակնարկած են, որ Թրամփի յայտարարութիւնը իրենց համար անակնկալ եղած է։

 

Միեւնոյն ժամանակ, Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու աւելի վաղ յայտարարած էր տասը տարուան ընթացքին ամերիկեան ռազմական օժանդակութենէն աստիճանաբար հրաժարելու իր մտադրութեան մասին։ Սակայն Թրամփի նշած յստակ ժամկէտները, ըստ երեւոյթին, համաձայնեցուած չէին Իսրայէլի ղեկավարութեան բոլոր ներկայացուցիչներուն հետ։