image

Կանխահաս ընտրութիւններ Իսրայէլի մէջ

Կանխահաս ընտրութիւններ Իսրայէլի մէջ

Պենեթ կը մտածէ քաղաքական կեանքէն հեռանալու մասին` իր կառավարութեան վրայ վարագոյրը իջնելէն օրեր առաջ, որ դիմացաւ ընդամէնը մէկ տարի:

 

Իսրայէլի Քնեսէթը այսօր` Հինգշաբթի, երրորդ ընթերցմամբ քուէարկեց ինքնալուծարման օգտին` ճանապարհ բանալով Նոյեմբերի 1-ին կայանալիք արտահերթ ընտրութիւններուն համար:

Ռուսական «Sputnik» գործակալութեան փոխանցմամբ` 120 պատգամաւորներէն 92-ը քուէարկած են Քնեսեթը ցրելու եւ արտահերթ ընտրութիւններու երթալու օգտին:

Անցեալ Երկուշաբթի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ եւ արտաքին գործոց նախարար Եաիր Լափիտ համատեղ յայտարարութեամբ յայտարարեցին Քնեսէթը ցրելու իրենց համաձայնութիւնը:

Ըստ համաձայնագրին` Լափիտ պէտք է գլխաւորէ Իսրայէլի ժամանակաւոր կառավարութիւնը, քանի որ  համընդհանուր ընտրութիւնները պիտի կայացուին 3 ամիս ետք:

Քուէարկութիւնը կը համընկնի այն բանին հետ, ինչ երէկ` Չորեքշաբթի օր, իսրայէլեան լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Պենեթ կը մտածէ քաղաքական կեանքէն հեռանալու մասին` իր կառավարութեան վրայ վարագոյրը իջնելէն օրեր առաջ, որ դիմացաւ ընդամէնը մէկ տարի: