image

Իվեթա Մուկուչեանի քոյրը «մերկուհի՞» (Լուսանկար)

Իվեթա Մուկուչեանի քոյրը «մերկուհի՞» (Լուսանկար)

Երգչուհի Իվեթա Մուկուչեանի քոյրը՝ ոճաբան, դիմայարդար Մարիաննան, Իպիզա կղզիին մէջ նկարուած գայթակղիչ լուսանկարներ հրապարակած է, ուր ան մերկ նստած է ծառէ կախուած ճօճանակին վրայ։ Լուսանկարներուն կից ան շնորհակալութիւն յայտնած է հիփիներու կղզին համարուող Իպիզային՝ իր «այդ կողմը բացայայտելու համար»։

«Զգալ ազատ, երբ մարդիկ չեն կրում հագուստ ու իրենց տարօրինակ չեն զգում եւ չեն ամաչում, եւ ոչ ոք նրանց չի դատապարտում դրա համար», գրած է Մարիաննան։

 

Ան նշած է, որ ճօճանակը պատահականօրէն յայտնաբերած է անտառին մէջ զբօսնած ատեն։

Մարիաննայի խօսքով` Իպիզան իւրօրինակ խառնուրդ է՝ մէկ կողմէն գերժամանակակից ճաշարաններ  կան, առանձնատուներու մէջ կազմակերպուող խնճոյքներ, իսկ միւս կողմէն` հիփիներու համայնքներ։ Անոր տպաւորած է լողափ քնանալու եւ ինքնաշարժին մէջ ապրելու հնարաւորութիւնը։

Յայտնի ոճաբան-դիմայարդարը շատ հաւնած է սպանական կղզիին ազատութիւնը, երբ կարելի է քնանալ լողափին եւ ապրիլ ինքնաշարժի մէջ։