image

Իսրայէլն առաջինն է, որ Տիեզերքի մէջ հրթիռ խոցած է

Իսրայէլն առաջինն է, որ Տիեզերքի մէջ հրթիռ խոցած է

Իսրայէլի կողմէ հուսիներու պալիսթիք հրթիռի խոցումը, որ արձակուած էր Եմէնէն եւ կը թռէր Իսրայէլի Էյլաթ քաղաքի ուղղութեամբ, հաւանաբար, պատմութեան մէջ տիեզերքի մէջ առաջին մարտը դարձած է, հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը՝ յղում ընելով Telegraph-ին:

«Իսրայէլն այս շաբաթ օգտագործած է Arrow հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգը՝ երկրի մթնոլորտէն դուրս պալիսթիք հրթիռ խոցելու համար, որ կը համարուի պատմութեան մէջ առաջին մարտը տիեզերքի մէջ»,- գրած է պարբերականը:

Այն ընդգծած է, որ սա նաեւ առաջին դէպքն է, երբ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու համատեղ մշակման Arrow հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգն օգտագործուած է իր գլխաւոր նշանակութաեամբ՝ մեծ բարձրութեան եւ բարձր արագութեան վրայ մեծ հեռահարութեան պալիսթիք հրթիռ խոցելու համար: