image

Իսրայէլն ու «Հըզպալլա»ն շարունակած են փոխադարձ հարուածները

Իսրայէլն ու «Հըզպալլա»ն շարունակած են փոխադարձ հարուածները

Իսրայէլական ուժերը յայտնած են, որ գիշերը թիրախաւորած են «Հըզպալլա»-ի զինեալներն ու ենթակառուցուածքները՝ ի պատասխան շարժման կողմէ հրադադարի ռեժիմի բազմակի խախտումներուն։

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը Telegram-ի իր ալիքով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ Յունիս 19-ի գիշերը հարուածներ հասցուցած է Հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններու, ներառեալ Նապաթիէի մէջ գտնուող «Հըզպալլա»-ի 80-է աւելի թիրախներու։

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ Իսրայէլ նաեւ հարուածած է Լիբանանի արեւելեան Պեքաայի հովիտին մէջ գտնուող «Հըզպալլա»-ի երկու հրամանատարական կեդրոններ։

«Հարուածներու ընթացքին ոչնչացուած են հրամանատարական կեդրոններու մէջ գործող «Հըզպալլա»-ի տասնեակ ահաբեկիչներ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Փոխադարձ հարուածներու ընթացքին զոհուած է իսրայէլացի չորս զինծառայող։

Իսրայէլական կողմը յայտնած է, որ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը Հարաւային Լիբանանի մէջ՝ կեդրոնանալով «Հըզպալլա» կազմակերպութեան կողմէ Պոֆորի շրջանին մէջ տարիներու ընթացքին կառուցուած ռազմավարական ստորգետնեայ ենթակառուցուածքներու վերացման վրայ։

Աւելի վաղ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ Յունիս 19-ի կէսգիշերէն մինչեւ առաւօտ, Լիբանանի հարաւային տարբեր շրջաններու դէմ իսրայէլական յարձակումներու հետեւանքով 18 մարդ զոհուած, իսկ 33 հոգի վիրաւորուած են։

 

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր կողմերուն կոչ ըրած է յարգելու իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ թոյլ տալու, որ բանակցութիւնները շարունակուին։ Թրամփ շեշտած է, որ կը սպասեն ամբողջական հրադադարի հաստատման բոլոր ճակատներուն վրայ։ Անոր խօսքը կը վերաբերի Լիբանանին, «Հըզպալլա»-ին եւ Իսրայէլին։