image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ «անկարող» է հարուածելու Թեհրանը. Իսրայէլեան մամուլ

Իսրայէլ «անկարող» է հարուածելու Թեհրանը. Իսրայէլեան մամուլ

Իսրայէլեան «Ուալահ» կայքի քաղաքական վերլուծաբան Պարաք Ռափիտ ըսած է, որ «Իսրայէլի մէջ անհանգստացած են Իրանի նկատմամբ արեւմտեան մեծ երկիրներու պահուածքէն՝ Վիեննայի միջուկային բանակցութիւններու լոյսին տակ»։ Ան վստահեցուց, որ «Իսրայէլը պատրաստ չէ Թեհրանի դէմ ռազմական գործողութեան եւ չունի որեւէ ռազմական գործողութեան օրինականութիւն»։

Ան համարած է, որ «հակառակ բոլոր արշաւներուն եւ հոգեբանական պատերազմին, Իսրայէլը այս պահին չունի Իրանի միջուկային կէտերուն դէմ գործելու գործնական կարողութիւն: Թերեւս քանի մը ամիս յետոյ կ'ունենայ այդ հնարաւորութիւնը, խօսքը հիմնականին մէջ զօրավարժութիւններու մասին է»։

Վիեննայի իրադարձութիւնները կը գլխաւորէին իսրայէլցի պաշտօնեաներուն յայտարարութիւնները, որոնք առիթ չէին փախցներ դրդելու Իրանի դէմ: Իսկ իսրայէլեան լրատուամիջոցները կը խօսէին «արաբական երկիրներու եւ Իսրայէլի հիասթափութեան մասին միջուկային բանակցութիւններէն»։

Իսրայէլ բոլոր միջոցներով եւ բոլոր մակարդակներով կ'արտայայտէ իր մերժումը եւ նոյնիսկ անհանգստութիւնը՝ բանակցութիւններու վերսկսման առնչութեամբ, որ կրնայ յանգեցնել Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներու չեղարկման։

Պենեթ մամուլի յայտարարութիւններով ըսած է է, որ «Իրանը Վիեննայի մէջ բանակցութիւններու կը հասնի պատժամիջոցները չեղարկելու յստակ նպատակով՝ գրեթէ ոչինչի փոխարէն»։