image

Անփոխարինելի մամուլը, իր ծնունդով ու լիբանանեան պատուաբեր գոյութեամբ. Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Անփոխարինելի մամուլը, իր ծնունդով ու լիբանանեան պատուաբեր գոյութեամբ. Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

«Զարթօնք»ին Ծննդեան ԱՄՍԱԹԻՒԸ Կը Յուշէ՝ 26 Սեպտեմբեր 1937

Արժանապատուութեամբ ապրիլ, զերծ մնալ ինքնալքումի բարդոյթներէն, ասիկա պատգամ մըն է, սրբազան առաքելութիւն, զոր ստանձնած է լիբանանեան իրականութենէն ներս՝ իր փորձառութիւնը իրականացրած, առկայ եւ յաւելեալ տագնապներ չհանդուրժող, խօսքը՝ գործի ու գործնականութեան վերածած, ինքն իրմով ինքնահաստատ այր մը՝ ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ, զոր անհերքելի գիտակցումն ունի. «Մտաւորականութիւնը անփոխարինելի ներուժ մը եղած է Հայ Ժողովուրդին համար, զայն կենսաւորողը եւ շնչաւորողը…»։ Ինք այդպէս ալ ապրած է՝ մտաւորականավայել, մասնայատուկ դերակատարումով մը, հայադրոշմ սկզբունքով մը….

Դոկտ. Արթուր Անդրանիկեան
(Երեւան-Հայաստան)

Մամուլը կը հանդիսանայ այն պատուհանը, որուն միջոցով, աշխարհը կը ցցուի մարդկութեան առջեւ, իր բազմակողմանի կողմերով եւ երեսներով, ծալքերով եւ երեւոյթներով, համատարած սփռումներով, հրապարակումներով ու հրատարակութիւններով։

Մամուլը գիրք է, հանրագիտարան, համայնագիտարան, շտեմարան, բառագանձարան, ուսումնառական, քաղաքագիտարան ու բազմաթիւ երանգներով եւ եզրերով անսահման ամբողջութիւն մը գիտելիքներու, տեղեկագրութիւններու, արձանագրութիւններու, զարգացումներու եւ այլ հարստացնող ու զարգացնող կարելիութիւններով։

Անոր դերն ու տեղը իւրայատուկ են՝ անփոխարինելի եւ անկրկնելի չափանիշներով, յատկութիւններով եւ իմաստներով, որոնք վկայագիր ու վկայական ըլլալու չափ արժէքաւոր են, որովհետեւ անոնց մէջ գտնուող նիւթերն ու բովանդակութիւնները, ոչ միայն կը գերազանցեն, այլեւ՝ նոր հորիզոններ կը բանան կամ կ’առաջնորդեն դէպի լուսաւոր ափերու։

Պատահական չէ, որ մամուլը, ինչպէս բազմաթիւ ոլորտներու կողքին, է՛ նաեւ քաղաքագիտական, գրականագիտական, լեզուագիտական, տնտեսագիտական, ուղղախօսական, արուեստագիտական, մեկնաբանական ու վերլուծական տուեալներով գերյագեցած ԸՆԴՈՒՆԱՐԱՆ մը, ուր մէկտեղուած կ’ըլլան այն բոլոր տեսանելի կամ անտեսանելի իրողութիւններու եւ իրադրութիւնները, տեղաշարժերն ու հոլովոյթները, որոնք կ’արձանագրուին ամենուրէք, իրենց դրական թէ ժխտական ցուցանիշներով, որոնց արձագանգները, միշտ եւ ակներեւօրէն, կը պահանջեն համապատասխան հետեւողութիւններ ու գրառումներ, որոնց գլխաւոր աղբիւրը կ’ըլլայ ՄԱՄՈՒԼԸ։

Ճիշդ է, մամուլը սահմանափակում չի ճանչնար, թէ՛ մարդուժի, թէ՛ նիւթերու, թէ կողմնորոշումներու, թէ՛ բազմազանութիւներու առումներով, որովհետեւ անոր դերակատարութիւնը, գործունէութիւնը ու հրատարակութիւնը կը բխի այնպիսի անհրաժեշտութիւններէ, որոնք առընչուած են կեանքի թաւալքներուն հետ, ուր բնական թէ անակնկալ դէպքերը, միշտ առկայ են, քիչ մը ամէն տեղ եւ առիթով, հետեւաբար, մամուլը չի կրնար անտարբեր մնալ անոնց նկատմամբ, ընդհակառակը, մի՛շտ պատրաստ՝ իր ձայնը, տեսակէտը կամ խօսքը լսելի դարձնելու պայմանաւորուածութեամբ ու հասանելիութեամբ։

Վստահաբար, այս եւ այլ հրատապ հարցերու ներկայացման ու լուծման համար, հրամայական պարտականութիւն մը վերապահուած է մամուլին, ատիկա ըլլայ քաղաքական, ապահովական, պտեական, տնտեսական, քաղաքացիական, մարդկայնական եւ, առ հասարակ, հասարակական բեւեռներու վրայ, ուր՝ ան կը դառնայ (դարձած է) գլխաւոր «հերոս»ը, որմէ կը կառչի ընթերցողը։

Անշուշտ, երբ կը խօսինք այս մասին, գերազանցապէս նկատի կ’ունենանք այն մամուլը, որ ՀԱՄԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ բնոյթ ունի, այսինքն՝ զբաղող մը, հետապնդող մը, որ կլանուած է, ըլլայ աշխարհաքաղաքական, ռազմական, միջպետական, մրցակցական, թշնամական «բախում»ներուն հետ եւ կրնայ դառնալ սուր ու տագնապալի (ինչպէս այժմ կը տիրէ հոս ու հոն), իր հետեւանքներով, վայրագութիւններով եւ ոտնձգութիւններով։

Իսկ մամուլի միւս երեսը, որ ծանօթ է այս բոլորէն դուրս, այլ մարզերով ու գունաւորումներով, ատոնք եւս ունին իրենց «երանելի» տեղը, սակայն, կը բաւարարուին իրենց նախընտրանքները պահելով (ինչպէս՝ գրականութիւն եւ արուեստ, առողջագիտութիւն ու մարմնամարզութիւն, միութենականութիւն եւ ընկերաբանութիւն, եւայլն), ինչ որ բոլորովին այլ պատկերի մը արտայղացումն է։

֍֍֍

Եթէ երէկուան, իր օտար թէ հայ տարբերակներով, իսկապէս, «գոհար»ային հարստութիւն մըն էր մամուլը, այսօրուանը, արդեօք ունի՞ նոյն հմայքը, նոյն գրաւչութիւնը կամ նոյն քաշողականութիւնը։

Անկասկած, ո՛չ։

Պատճառները շատ են ու խայտաբղէտ, բայց, ատոնք չեն նշանակեր, որ մամուլը վանողական է, մոռացողական կամ անպիտանական, որքան ալ «չակերտաւոր»ներ զայն նկատեն, իր դարը ապրած (եւ աւարտա՞ծ) պերճագրութիւն մը։

Այդուհանդերձ, եթէ մօտաւոր հանրագոմւարի բերենք, որ մամուլը ինչո՞ւ նման, մեղմ ըսած, անհաճոյ ճակատագիրի մը ենթարկուեցաւ կամ նետուեցաւ… լուսանցքի մը վրայ, ատոնց պատճառներէն կարելի է թուել, գէթ քանի մը հատը.

- ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԸ, որ իր սեւ ու մութ շղարշով, մթագնեց մամուլին պայծառութիւնը, որովհետեւ իր ետին գտնուող ուրուականները զայն շահագործեցին, սեւագրեցին, աղճատեցին, ճղճիմացուցին կամ ալ՝ անտեսեցին, որովհետեւ, անկէ աւելի հզօր «զէնք»եր գտան ու գործածեցին, իրենց այլանդակ ու հակամարդկային ծրագիրներու իրականացման օգտին։

- Արդիական ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ եւ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺԱԿԱՆ փորձերն եւ միջոցառումները, իրենց տարբաղադրիչ անմիջականութիւններով եւ արտայայտամիջոցներով, այնպիսի ալիքներ ստեղծեցին, որ մամուլը սկսաւ նօսրանալ, անշքանալ եւ նոյնիսկ՝ անէանալ, իսկ ատոնք խորապէս ազդեցին, ոչ միայն մամուլի «մեկուսացում»ին, այլ նաեւ՝ նոր սերունդներու կողմէ անկէ հեռացումին, առանց անդրադառնալու (թերեւս ալ՝ անդրադառնալո՞վ), որ այդ տրամաբանութիւնը սխալ է, անընդունելի եւ, օր մը, անոր հետեւանքները, զգալի կը դառնան։

Հրաշագեղ ու հրաշափառ, չքնաղագէտ ու չքնազարդ մամուլը, հոս թէ հոն, ամենուրէք, լքուած է իր… տժգոյն ճակատագիրին, ի մեծ ցաւ բոլոր անոնց, որոնք ապրած են մամուլով, սնուած, կրթուած ու կերտուած, նաեւ՝ ապրեցնելով իրենց յարակիցները։

Եւ այս անկումները, ի հաշիւ խօսող ու խօսեցնող, ապրող եւ ապրեցնող, շնչող ու շնչեցնող անոնց, որոնք մամուլին կը հաւատային, մամուլը կը պաշտէին, մամուլը կը փնտռէին եւ մամուլը իրենց գոյութեան երթը կը նկատէին։

Պիտի ընդունիլ, այլեւ հաստատել, որ մամուլը այնպիսի ԶԷՆՔ մըն էր, որ իր կրկնօրինակը չունէր (ու չունի), հետեւաբար, անոր նկատմամբ որեւէ անգթութիւն եւ անողոքութիւն, իրօք, չարագործութիւն ու չարագժութին են, միայնագա՛յն։

Պէտք է նաեւ հաւատալ, որ մամուլը ռազմամթերքէն ու ռազմապաշարէն շատ աւելի զօրաւոր է, քան պատերազմական արհաւիրքները եւ աղէտները, բայց, տակաւին անոր չհաւատացող ապերախտներ եւ այլանդակներ, կը փորձեն անոր դիմաց վերհանել այն պարսատիկները, որոնք իրենց համար ձեռնտու ու թուլատու չեն, շարունակելով իրենց ամբոխավարութիւնը։

Բայց, որքան ալ հալածուի մամուլը, իր միջազգային թէ տեղայնական առումներով, անիկա կը մնայ ու պէտք է մնայ այնպիսի պատնէշի մը վրայ, որմէ պէտք է սարսափին «Պարոնայք ոչնչական»ները, որովհետեւ անիկա շատ աւելի զօրաւոր է ու տոկուն, քան պարզամիտներու… խելքը։

֍֍֍

Ինչ կը վերաբերի հայ մամուլին, որ ունեցած է ճոխ ու բազմասեռ պատմական ժառանգութիւն մը, մեծ մասամբ լոյս տեսնելով Սփիւռքահայ տարբեր օճախներու մէջ, դառնալով «օրհնաբեր» ծնունդ, ինչպէս հայ գրականութեան, հայ մշակոյթին եւ հայ արուեստին կողքին գրաւելով առանձնայատուկ դեր ու տեղ, շատ յաճախ ճանչցուելով ու գործածուելով նաեւ որպէս դասագիրք, այնքան որ ան եղած էր փնտռուած, յարգուած ու սիրուած ընթերցարան, շնորհիւ իր շահեկան բովանդակութեան ազգային առաքելութեան, այժմէական պարունակութեան, կրօնական հաւատարմագրութեան, հայրենական կառչածութեան եւ ընտանեկան դաստիարակութեան։

Հայ մամուլը, եթէ այս սկզբունքներոմվ, հեռանկարներով ու չափանիշներով ծնունդ առաւ ու գոյատեւեց, ապա, երկրորդ եւ երրորդ հանգրուաններով, ան եւս դարձաւ տիրական ներկայութիւն մը, յատկապէս այն ժամանակաշրջաններուն, երբ Սփիւռքն ու սփիւռքահայութիւնը նոր ու տարբեր կարգավիճակներու մէջ յայտնուած էին, մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, ուր տեղահանուած ու տարագրուած հայութիւնը կ’ապրէր ցիրուցան, մինչեւ որ՝ պարզ դարձաւ, թէ հայրենիք վերադառնալու հաւանակութիւնը մօտալուտ չէ, հետեւաբար, հայ եկեղեցիի ու հայ դպրոցի կողքին, հրամայականութիւն դարձաւ, «ԵՐՐՈՐԴ ԲԱԶԿԵՐԱԿԻ» մը ստեղծումը, որ վիճակուեցաւ հայ մամուլին, որպէս «ԿԵՆԴԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱԲԱԽՈՒՆ» մղիչ ուժ, շարունակելով ու բարգաւաճեցնելով նոր երթը, իբրեւ հարազատ հետեւորդն ու ժառանգորդը իր նախորդներուն ուղիին, համոզուած ըլլալով, որ ատիկա է այն տարբերակը, որ հայութեան կրնայ պահել կանգուն, կենդանի եւ առողջ։

֍֍֍

Մեր այս գրառութիւնը ընտրեցինք, նախ՝ հակիրճ ակնարկ մը նետելու հայ մամուլին գոյութեան, կեցութեան ու գործունէութեան վրայ, ապա, անդրադառնալով յատկապէս լիբանանահայ մամուլին, որ հսկայական ներդրում ու դերակատարում ունեցած է, ոչ միայն իր համայնքէն ներս, այլեւ՝ ընդհանրապէս սփիւռքահայ տարածքէն, տեղայնական մամուլ ստեղծելու, հուսկ՝ մամուլի գործիչներ պատրաստելով եւ գործուղղելով դէպի զանազան հայկական այլ գաղութներ։

Արդէն այս շինիչ ու կառուցողական երեւոյթը կը փաստէ, որ մամուլը, ո՜րքան կենսական ու գործօն ազդեցութեան գօտիի մը վերածուած է, հայրենիքը թէ սփիւռքահայութիւնը զիրար կապերով ու զօդելով, հասարակաց կամուրջ մը դառնալով բոլորին միջեւ։

Հոս կը կայանայ լիբանանահայ մամուլին, անոր հիմնադիրներուն, պատասխանատուներուն, խմբագիրներուն, հրապարակագիրներուն, աշխատակիցներուն եւ ընդհանրապէս բոլոր անոնց, որոնք եղան այդ մամուլին կերտիչները, տեսլապաշտները, վաստակաւորները եւ երախտաւորները, որոնք հանդիսացան իրենց հայրենակիցներուն ուժ ու շունչ, լիցք ու կորով, հաւատք ու վստահութիւն ներշնչող աղբիւրները։

Գիտակցուած էին այս նախաձեռնութիւնները, ստեղծագործութիւնները, հայ մտքի ու գրիչի ծառայասիրութեամբ ու նուիրուածութեամբ, որոնք անսպառ զոհողութեան կամքով, անգին պատրաստակամութեամբ եւ անսահման համբերատարութեամբ, դարձան «պահապան հրեշտակ»ները հայ մամուլին, միշտ այն հաւատքով ու համոզմունքով, որ հայ մամուլը է՛ ու կը նկատուի հայապահպանումի ամրակուռ սիւներէն մէկը, իսկ զայն պահողն ու խնամողը, զօրակցողն ու պաշտպանողը, հայ մամուլին «փրկիչ»ներն են, որոնք անսակարկօրէն եւ անվիճելիօրէն մնացին անոր կողքին։

Այսօր, սակայն, որքան ալ հայ մամուլը, աւելի դիպուկ, լիբանանահայ մամուլը նկատուի «անջիզող եւ անտեղիտալի» վճռակամութեամբ լոյս տեսնող եւ յարատեւող «գնացք» մը, թէկուզեւ՝ որոշ տատանումով, ոչ իր նախկին հմայքով ու գրաւչութեամբ, բայց, անկասկած, իր շինիչ, գօտեպնդիչ ու դաստիարակիչ կողմերով, ԿԸ ՓՈՐՁԷ մնալ, իր իսկական կերպարին մէջ։

Անշուշտ, կեանքի պայմանները, մտայնութիւնները, հոգեբանութիւնները, նորարարական հնարքները, արհեստածին գիտելիքները, բջջային ցանցերը, իրենց առաւելութիւններով հանդերձ, խիստ ցաւալի «աւեր»ներ գործեցին (ու կը շարունակեն աւելի վատթարացնել այդ մարզերը), սակայն, զանոնք յաղթահարելը կամ դիմակալելը, թէեւ դժուար, բայց, անկարելի չէ, այնքան ատեն որ՝ աչալրջութիւնը, զգուշութիւնը, գիտակցութիւնը կը մնան զգաստ ու զգօն, չմխրճուելու չափազանցութիւններու մէջ։

Վստահաբար, եթէ նոր սերունդը ամենէն աւելի տուժեց ու կը տուժէ այս «սարսափազդու» վտանգներէն, բայց, աւելի մտահոգիչը այն է, որ համաշխարհայնացումի աղէտները, նաեւ հասած են, ընդհանրապէս, հայութեան տարբեր խաւերուն, որոնք հեռու են ընթերցանութիւններէն (գիրքերէն) եւ ի մասնաւորի հայ մամուլէն, որոնք միշտ եղած են հայ ժողովուրդին «հարազատ»ները, իսկ այսօր անոնք «խորթացած» են, իրենցմէ («ողբա՜մ, բայց, ի՞նչը ու զո՞վ), դժբախտաբար, դառնալով նաեւ նոր սերունդին մօտ (…), տխուր օրինակներ։

Այս ԹՂԹԱԾՐԱՐը, ծանր ու շա՜տ ծանր կապոց մըն է, որուն նկատմամբ, կա՞յ տագնապ, նախանձախնդրութիւն կամ բծախնդրութիւն, եթէ կայ, ապա, ո՞ւր է արդիւնքը, եթէ չկայ, ապա անխուսափելի են ԱՂԷՏԻՆ շարունակութիւնն եւ անոր անկումային հետեւանքներուն սեւ ճակատագիրները։

֍֍֍

Բայց, այս խառնաշփոթին ու խաչմերուկներուն մէջ, ո՞ւր կը գտնուի, կը դեգերի կամ կը ծածանի լիբանանահայ մամուլը, ընդունինք ու հաւատանք, որ ան «մեկուսացած եւ առանձնացած» վիճակ մը կը ներկայացնէ՞ կամ կարօտ չէ՞ այլ աչքով զայն դիտել, այնքան ատեն, որ՝ մամուլի զինուորագրեալները նօսրացած են, հրապարակի վրայ հազիւ երեւելի են, նորերու մասին մտածելն իսկ ցնո՞րք չէ, հետեւապէս, նման անտաբրերութեան եւ անհեռատեսութեան ի տես, ինչպէ՞ս պէտք է վերաբերուիլ լիբանանահայ մամուլին ներկային ու մանաւանդ ապագային հետ։

Այս հարցադրումները, մտատանջումներն ու խոկումները, զիս մղեցին դէպի այն օրերը, երբ լիբանանահայ մամուլը կ’ապրէր ու կ’ապրեցնէր իր փառքի ժամանակները, իր ամենէն նախանձելի ու բերկրալի հեղինակութեամբ, պատկանելիութեամբ ու հպարտութեամբ, որուն շարքին, բացառիկ, պատուաբեր եւ ինքնայատուկ վարկ կը վայելէր՝

«ԶԱՐԹՕՆՔ» Օրաթերթը
(հիմնուած՝ 26 Սեպտեմբեր 1937ին, ի Պէյրութ)

Մամուլ մը, որ իր ինքնութեամբ, հրատարակութեամբ ու խօսաբերութեամբ, դարձաւ ինքզինք արդարացնող, պարտադրող եւ արտացոլացնող ՀԱՄԱՅՆԱԿԱՆ օրաթերթ, հակառակ որ՝ ան Ազատական Ռամկավարութեան խօսափող պաշտօնաթերթ մըն էր, սակայն, մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր, իր ժողովրդավարական ակունքներով, ազատախոհական մտածումներով, անբռնազբօսիկ հայեացքներով, մանաւանդ՝ իր հայրենասիրական թեքումներով, թռչիքներով ու սրսկումներով։

«Զարթօնք»ը եղաւ այն լուսատու փարոսը եւ անշէջ բոցահուրը, որ սերունդներ կոփեց եւ առաջնորդեց, համախմբեց ու դաստիարակեց, այն հաւատքով ու համոզմունքով, որ հայ ազգին ու հայրենիքին ծառայելով, այլ ընտրանք չկայ, ոչ ալ հայապահպանումի կռուանները կրնային իրենց գոյութիւնը  պահպանել, իսկ այդ բոլորին յաջողութեան ու պսակադրութեան համար, «Զարթօնք» մնաց իր արժանաւոր բարձունքին վրայ, մի՛շտ անբիծ գաղափարախօսութեան, անշեղ հայրենասիրութեան եւ աներկբայ ուղղախօսութեան ճամբով։

«Զարթօնք»ին տուածը եւ ձօնածը, մատուցածը ու նուիրածը, ոչ միայն իրերայաջորդ մտաւորականութեան, ընթերցակիցութեան, գաղափարակիցութեան, սերնդակիցութեան եւ, ընդհանրապէս, լայն շրջանակներուն համար դարձաւ ու հանդիսացաւ մտքի ու գաղափարի, հայրենիքի ու հայկականութեան, պահանջատիրութեան եւ իրաւապաշտութեան հզօր եւ անխորտակելի պատուանդանը։

֍֍֍

Ես, համեստս, պատիւը ունեցած եմ, շաղուելու ու խմորուելու «Զարթօնք»ին հետ, պատանեկութեանս շրջանէն սկսեալ, իսկ 1970էն ետք, անոր հետ առընչուած եմ յօդուածագրութեամբ, ապա, մնայուն եւ յաջորդական գրութիւններով հանդէս եկած եմ, մինչեւ որ՝ 1991ին, ստանձնած եմ անոր ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԽՄԲԱԳԻՐԻ պաշտօնը, որ տեւած է մինչեւ՝ 2007ի սկիզբը։

Անկասկած, «Զարթօնք»ը եղաւ իմ դպրոցս, լսարանս, համալսարանս, կողմնացոյցս, դիտարանս ու կոփարանս, ուր դարձայ, մերթ հօրս՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՂՊԱՇԵԱՆի համեստ ժառանգորդը հրապարակագրութեանս թեքումով, նաեւ՝ մեծն ԳԵՐՍԱՄ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆի հաւատաւոր յաջորդներէն մէկը, որպէս ռամկավար գաղափարախօսութեան ու գրչագրութեան բեղուն ու հարազատ հետեւորդ մը՝ որոնց համար, ոչ միայն երախտապարտ եմ, այլեւ՝ մեծ բան կը պարտիմ անոնց անունին, հեղինակութեան, վաստակաւորութեան եւ մեծութեան, որոնցմէ՝ ստացած եմ իմ ամբողջական երկունքս ու վաստակս։

Այս գրութիւնը, կը միտի «Զարթօնք»ին եւ անոր բազմակերտ բոյնին ու գոյնին տալ, համակրանքէն աւելի, երախտագիտութեան լայնածիր եւ ոգեշունչ զգացումներով լի, ոչ միայն բուռն յիշատակութիւններու արձանագրում, այլ՝ մեծերու հանդէպ յարգանք, անոնք ըլլան հեղինակութիւններ թէ մեծամեծներ, որոնց առաջին կարգին կու գան, այս պարագային, համբաւոր՝

«ԶԱՐԹՕՆՔ»Ը՝ ԻՐ ԲԱԶՄԱՇՆՈՐՀ ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՎ ՈՒ ԳՐԻՉՆԵՐՈՎ։

 

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

(Պէյրութ)