Իրանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Կապանի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու վերաբերեալ երկրի Արտաքին Գործոց նախարարութեան առաջարկին:
«Սահմանադրութեան 138-րդ յօդուածին համաձայն՝ Նախարարներու խորհուրդը հաւանութիւն տուած է Արտաքին Գործոց նախարարութեան առաջարկին Հայաստանի Կապան քաղաքին մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու վերաբերեալ», ըսուած է Իրանի նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: