image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի նախագահը անդրանիկ այցով մը Պաղտատ ժամանեց

Իրանի նախագահը անդրանիկ այցով մը Պաղտատ ժամանեց

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան եռօրեայ այցով մեկնած է Պաղտատ։ Ասիկա անոր առաջին արտասահմանեան այցն է որպէս պետութեան ղեկավար։

Այս մասին յայտնած է IRNA գործակալութիւնը։

Այցի ընթացքին նախատեսուած է շարք մը հանդիպումներ կայացնել իրաքցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, ինչպէս նաեւ ստորագրել համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը փաստաթուղթեր: