Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան եռօրեայ այցով մեկնած է Պաղտատ։ Ասիկա անոր առաջին արտասահմանեան այցն է որպէս պետութեան ղեկավար։
Այս մասին յայտնած է IRNA գործակալութիւնը։
Այցի ընթացքին նախատեսուած է շարք մը հանդիպումներ կայացնել իրաքցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, ինչպէս նաեւ ստորագրել համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը փաստաթուղթեր: