Այսօր՝ յունուար 1-ին, խոշոր վթար, հրդեհ տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 05։40-ի սահմանին Mercedes GL մակնիշի մեքենան «Սիլիկեան» թաղամասէն դէպի նոր կառուցուող ճանապարհով ընթանալու ժամանակ, դեռ անյայտ հանգամանքներու մէջ դուրս եկած է ճանապարհի երթեւեկելի գօտիէն, բախուած է կամուրջի մօտ տեղադրուած երկաթեայ ելեկտրասիւնին եւ ճաղավանդակներուն, կոտրած այն եւ մօտ 20 մեթր բարձրութենէն ինկած ու կողաշրջուած վիճակի մէջ յայտնուած կամուրջի տակէն անցնող ճանապարհի մէջտեղէն։
Ինչպէս դէպքի վայրէն յայտնած է ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, վթարի հետեւանքով մեքենային մէջ հրդեհ բռնկած է, իսկ վարորդին առաջինը օգնութեան հասած է Մասիս քաղաքի բնակիչ երիտասարդ տղայ մը, որ, վտանգելով կեանքը, կրակի մէջէն կրցած է դուրս բերել վարորդը, որ աւելի ուշ տեղափոխուած է «Արմենիա» բժշկական կեդրոն։
Հրշէջները մեծ դժուարութեամբ կրցած են մարել կրակը, սակայն մեքենան ամբողջութեամբ վերածուած է մոխրակոյտի։ Պարեկները սահմանազատած են տարածքը:
Վթարի փաստով քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, ուր ալ կը պարզուի հիւանդանոց տեղափոխուած վարորդի ինքնութիւնը։
Գ․ Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ մեքենան հաշուառուած է Գեղարքունիքի մարզի բնակիչ 30-ամեայ Արմէն Գրիգորեանի անուամբ։