image
Հրատապ լուրեր:

Մեկնարկած են «Մոնթէ» ֆիլմի նկարահանումները (Լուսանկարներ)

Մեկնարկած են «Մոնթէ» ֆիլմի նկարահանումները (Լուսանկարներ)

Genetic Production-ը, որ 2025 թուականին հանրութեան ներկայացուց «Վազգէն․ վերջին սպարապետը» շարժանկարը, արդէն մեկնարկած է «Մոնթէ» շարժանկարի նկարահանումները։ Այս մասին դիմատետրի իր պաշտօնական էջին վրայ գրած է արտադրիչ Նոնօ Սարգսեան։

«Ֆիլմը պատմում է Մոնթէ Մելքոնեանի կեանքի մասին՝ ամբողջապէս հիմնուած իրական փաստերի վրայ: Պատմութիւն, փաստեր, որոնք պատմուել եւ հաստատուել են Մոնթէ Մելքոնեանի կնոջ` իմ շատ սիրելի տիկին Սեդա Մելքոնեանի կողմից: Պրեմիերան կը կայանայ 2026 թուականի նոյեմբերին: Աստուած մեզ հետ»,-գրած է ան։

Genetic Production ընկերութեան գլխաւոր նպատակն է արուեստի լեզուով ցոյց տալ հայու ինքնութիւնը, ստեղծագործ էութիւնը, անոր պայքարող եւ յաղթող ոգին՝ մեր պատմութեան ականաւոր գործիչներու եւ հեղինակաւոր անձանց օրինակով։