image

Լիբանանի Առաջին Տիկին՝ Նեհմաթ Աունի այցը՝ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան (Լուսանկարներ)

Լիբանանի Առաջին Տիկին՝ Նեհմաթ Աունի այցը՝ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան (Լուսանկարներ)

Վարժարանի Տնօրէնութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց վարժարանիս մեծաւոր պրն. Արամ Գարատաղլեան։ Ան, ողջունելով Առաջին տիկնոջ այցելութիւնը, յատուկ շեշտեց, որ վարժարանը իր հարազատ տունն է։ Գարատաղլեան ներկայացուց վարժարանի վարչական կազմի անդամներն ու բաժանմունքներու պատասխանատուները, որմէ ետք անդրադարձ կատարեց դպրոցի առաքելութեան։ Ան ապա յայտնեց, որ վարժարանը արդէն իսկ հետեւողական աշխատանք կը տանէր քաղաքացիական դաստիարակութեան ջամբման ուղղութեամբ, եւ Առաջին Տիկնոջ նախաձեռնած այս ծրագիրը եկաւ ալ աւելի զարգացնելու եւ համակարգելու այդ առանցքային մեկնակէտը։

Լիբանանի Հանրապետութեան Առաջին տիկին Նեհմաթ Աունի նախաձեռնած «Քաղաքացիութեան Դպրոց» ազգային ծրագիրը թեւակոխեց կիրարկման գործնական փուլը: Այս ծրագիրը, որ կը միտի հիմնաքարը դնել դպրոցական քաղաքացիութեան միասնական չափանիշի մը, առանցքային նշանակութիւն ունի նոր սերունդի քաղաքացիական դաստիարակութեան եւ հայրենիքի հանդէպ իրաւունքներու ու պարտականութիւններու գիտակցութեան սերմանման մէջ:

Յատկանշական է, որ ծրագրի առաջին տարուան համար ընտրուած լիբանանեան 150 վարժարաններու շարքին իրենց տեղը գտած են 5 հայկական վարժարաններ, որոնցմէ մէկն է Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանը:

Զատկուան արձակուրդի նախօրեակին, Լիբանանի Առաջին տիկին Նեհմաթ Աուն անձնական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի մեծաւոր պրն. Արամ Գարատաղլեանի հետ։

Տիկին Աուն, որ հեռաձայնային կապ հաստատած էր նաեւ այլ կրթական հաստատութիւններու հետ, իր քաջալերանքի ու գնահատանքի խօսքերը փոխանցեց վարժարանիս տնօրէնութեան եւ անձնակազմին՝ Լիբանանի մէջ տիրող դժուարին պայմաններուն հակառակ տարուող անխոնջ աշխատանքին համար։

Զրոյցի ընթացքին պրն. Գարատաղլեան Առաջին տիկնոջ ներկայացուց «Քաղաքացիական Դպրոց» ծրագրի ծիրէն ներս վարժարանին ծաւալած գործունէութիւնն ու կրթական հետեւողական քայլերը։ Տիկին Աուն, տպաւորուած վարժարանի կենսունակութենէն, յայտնեց իր փափաքը՝ այցելելու կրթօճախ, անձամբ ծանօթանալու տարուող ժրաջան աշխատանքներուն եւ անմիջական շփում ունենալու աշակերտութեան հետ։

Այս այցելութիւնը լոկ պաշտօնական բնոյթ չի կրեր, այլ վերահաստատումն է այն վստահութեան, որ կը վայելէ մեր կրթօճախը պետական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ: Վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ մշակուած յատուկ ծրագիրները, որոնք կը միտին քաղաքացիական արժէքները վերածել ամէնօրեայ գործնական կիրարկման, հանդիսացած են այս այցելութեան գլխաւոր դրդապատճառը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այցելութեան մանրամասն յայտագիրը:

Չորեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2026-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Առաջին տիկին Նեհմաթ Աուն ժամանեց վարժարան, ուր դիմաւորուեցաւ նախակրթարանի աշակերտութեան կողմէ՝ լիբանանեան դրօշակներով եւ խանդավառ մթնոլորտով։

Վարժարանի մուտքին, ՀԿՄ-ի անդամ՝ վարժարանի աշակերտներէն բաղկացած շեփորախումբին հնչեցուցած յաղթական նուագակցութեամբ, տեղի ունեցաւ հայկական հիւրընկալութեան աւանդական արարողութիւնը։ Առաջին տիկինը դիմաւորուեցաւվարժարանիս մեծաւոր պրն. Արամ Գարատաղլեանի, վարժարանիս հոգեւոր վարիչ Հայր Լեւոն վրդ. Ստեփանի, Զալքայի քաղաքապետ պրն. Միշէլ Ասսաֆ էլ Մըրրի, փոխ-քաղաքապետ պրն. Ժան Ապու Ժաուտէի եւ բաժնի պատասխանատուներու կողմէ։

Այս առիթով, վարժարանի երկրորդականի աշակերտները Առաջին տիկնոջ նուիրեցին գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը, իսկ հայկական աւանդական տարազներով աշակերտները, իրենց ներկայութեամբ ու կեցուածքով, հայկական հիւրընկալութեան ազգային ու տօնական իւրայատուկ երանգ մը տուին ընդունելութեան՝ վերահաստատելով մեր մշակութային արժէքներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը: 

Այնուհետեւ, պատուիրակութիւնը առաջնորդուեցաւ դէպի տնօրէնութեան գրասենեակ, ուր հաճելի անակնկալ մը կը սպասէր բոլորին. ներկայ էր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ՝  վարժարանիս քրիստոնէականի ուսուցիչ հայր Արամ վրդ. Աբրահամեանի:

Տնօրէնութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց վարժարանիս մեծաւոր պրն. Արամ Գարատաղլեան։ Ան, ողջունելով Առաջին տիկնոջ այցելութիւնը, յատուկ շեշտեց, որ վարժարանը իր հարազատ տունն է։ Գարատաղլեան ներկայացուց վարժարանի վարչական կազմի անդամներն ու բաժանմունքներու պատասխանատուները, որմէ ետք անդրադարձ կատարեց դպրոցի առաքելութեան։ Ան ապա յայտնեց, որ վարժարանը արդէն իսկ հետեւողական աշխատանք կը տանէր քաղաքացիական դաստիարակութեան ջամբման ուղղութեամբ, եւ Առաջին Տիկնոջ նախաձեռնած այս ծրագիրը եկաւ ալ աւելի զարգացնելու եւ համակարգելու այդ առանցքային մեկնակէտը։

Ան հաստատեց, որ 2026-ի տարեգլուխէն սկսեալ, վարժարանը իր բոլոր բաժանմունքներով ժրաջան աշխատանքի լծուած է՝ մշակելով իւրաքանչիւր տարիքային խումբի համապատասխան յատուկ յայտագիրներ։ Այս ծրագիրները կը միտին կերտել ապագայի գիտակից ու լաւ քաղաքացիներ՝ զարգացնելով անոնց գիտելիքներն ու նուիրուածութիւնը հայրենիքի հանդէպ։

Տեսակցութիւն ընթացքին խօսուեցաւ վարժարանի պատմական ուղիին, անոր կրթական առաքելութեան եւ «Քաղաքացիութեան Դպրոց» ծրագրի արձանագրած յառաջդիմութեան մասին։ Արծարծուեցան նաեւ կրթական եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան վերաբերող շարք մը կարեւոր հարցեր, շեշտելով դպրոցի դերը նոր սերունդի ձեւաւորման մէջ։

Տեսակցութեան աւարտին, Ամենապատիւ եւ Գերջանիկ Հոգեւոր Տէրը Լիբանանի Առաջին տիկնոջ պարգեւատրեց Հայոց հզօրագոյն գահակալ Մեծն Տիգրանի հազուագիւտ պղինձէ դրամ մը, որ իր մէջ կը խտացնէ հայոց պատմութեան փառապանծ էջերն ու մեր արքայից արքայի հզօրութեան խորհուրդը: Այն սոսկ յուշանուէր չէ, այլ յարգանքի տուրք եւ խորհրդանշական պատգամ՝ հաստատելու համար հայ մշակոյթի ու պատմութեան անժամանցելի ներկայութիւնը Լիբանանի հողին վրայ։ 

Այս առիթով, Առաջին տիկինը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց վարժարանի կատարած աշխատանքներուն նկատմամբ՝ շեշտելով, որ ինք հիացած է այն մեծ ներդրումով, զոր Ս. Խաչ ՀարպոյեանԲարձրագոյն վարժարանը կատարած է քաղաքացիական դաստիարակութեան ծրագրի ծիրէն ներս: Ան յատկանշական համարեց այն իրողութիւնը, որ այս վարժարանը առաջին հայկական դպրոցն է, զոր ինք ընտրած է այցելելու համար՝ հիմնուելով անոր ցուցաբերած լուրջ պատրաստուածութեան վրայ:

Այցելութեան յաջորդող հանգրուանները յագեցած էին աշակերտական խանդավառ ելոյթներով եւ կրթական ու ընկերային նախագիծերու ցուցադրութեամբ:

Առաջին տիկինը այցելեց Մանկապարտէզի բաժինը, ուր «Ծաղիկ» դասարանի փոքրիկները զինք դիմաւորեցին Լիբանանի վիրաւորհարաւին նուիրուած հայրենասիրական երգով մը, այցելեց մանկապարտէզի բոլոր դասարանները, որմէ ետք ան հիւրընկալուեցաւ Դ. դասարանի աշակերտութեան կողմէ, որոնք միասնաբար եւ մեծ ներշնչումով երգեցին Լիբանանի քայլերգը՝ իր ամբողջութեամբ։ Տիկին Աուն այցելեց Յատուկ ուսուցման բաժանմունք, ուր դիմաւորուեցաւ լիբանանեան դրօշակը կրող բլիթներով։ Այստեղ ան մօտէն ծանօթացաւ բաժանմունքի նուիրեալ գործունէութեան եւ այն մարդասիրական առաքելութեան, զորսվարժարանը կը տանի յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու դաստիարակութեան գործին մէջ։ Ապա, վարժարանի 4-րդ յարկի հանդիսասրահին մէջ, Գ. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Made in Lebanon» (Լիբանանեան արտադրութիւն) խորագրով յատուկ յայտագիր մը, որուն նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել եւ քաջալերել տեղական արտադրութիւնը (օճառ, կարկանդակ, կրկնեփուկ, տուրմ, մածուն եւ այլն...)։

Այնուհետեւ, վարժարանի խորհրդաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիպում մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Հայր Եուսէֆ վրդ. Նասըր։ Յատկանշական էր ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն ելոյթը, որոնք մեծ հմտութեամբ ներկայացուցին իրենց մշակած «Ճանապարհային անվտանգութեան նախագիծ»-ը (Road Safety Project)։ Յայտնենք, որ սոյն ծրագիրը կը նախատեսուի իրականացնել Զալքայի քաղաքապետարանի հետ սերտ համագործակցութեամբ՝ նպատակ ունենալով գործնական լուծումներով նպաստել վարժարանիս շրջակայքի երթեւեկի անվտանգութեան ապահովման: 

Այցելութեան աւարտին, Առաջին տիկին Նեհմաթ Աուն մտերիմ մթնոլորտի մէջ խմբանկար մը առաւ վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ։ 

Մեկնումէն առաջ, ան իր սրտի խօսքն ու տպաւորութիւնները արձանագրեց վարժարանի «Ոսկեայ մատեան»-ին մէջ՝ բարձր գնահատելով վարժարանի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին տարած երախտաւորեալ աշխատանքը։ Իր գրառման մէջ տիկին Աուն յատկապէս շեշտեց. «Լիբանանի պատմութեան մէջ արմատացած հայութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր հանդիսացած է հասարակութեան կեդրոնական սիւներէն մէկը: Այսօր, այցելելով այս կրթական հաստատութիւնը եւ տեսնելով ձեր տարած աշխատանքը «Քաղաքացիութեան Դպրոց» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, մենք ականատես կը դառնանք այդ պատմական ժառանգութեան կենսագործման»:

Այս իրադարձութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ մեր դպրոցի առաքելութիւնը՝ լիբանանեան հասարակութեան մէջ տիպար եւ պատասխանատու քաղաքացիներ պատրաստելու դժուարին, բայց վսեմ եւ օրհնեալ գործին մէջ:

 

Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան
Բարձրագոյն Վարժարանի
Մամլոյ Գրասենեակ