image

Ի՞նչ կը պատմէ «Բանտորայի զեկոյց»ը Ալիեւի մասին

Ի՞նչ կը  պատմէ «Բանտորայի զեկոյց»ը Ալիեւի մասին

Լրագրող հետազօտողներու միջազգային համընկերութիւնը (ICIJ) հրապարակած է «Բանտորայի զեկոյցը» (Pandora papers) օֆշորային ձեւակերպումներուն մէջ համաշխարհային առաջնորդներու հնարաւոր ներգրաւուածութեան մասին:

Նշուած է, որ յայտնի են աւելի քան 100 միլիառատէրերու, 35 համաշխարհային առաջնորդներու եւ 400 պետական պաշտօնեաներու օֆշորային գործարքները: Լրագրողները տեղի ունեցածը կ'անուանեն պատմութեան մէջ մեծագոյն օֆշորային տուեալներու հոսք:

Զեկոյցին մէջ յայտնուած առաջնորդներէն է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որու ընտանիքը կը մեղադրուի սեփական երկիրը թալանելու մեջ: Pandora Papers-ը կը մատնանշէ, որ Ալիեւներն ու անոնց մերձաւորները կապուած են Մեծն Բրիտանիոյ մէջ աւելի քան 400 միլիոն ֆունտի չափով անշարժ գոյքի գործարքներու մէջ:

Pandora Papers-ը կը պարունակէ վկայութիւններ, թէ ինչպէս Ատրպէյճանի առաջնորդ Ալիեւի ընտանիքը ձեռք բերած է 17 անշարժ գոյք Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, ներառեալ՝ 33 միլիոն ֆունտ արժողութեամբ գրասենեակային շէնք իր 11-ամեայ որդի Հէյտարի համար:

Շէնքը կը գտնուի Լոնտոնի ամենաթանկարժէք շրջանին՝ Մէյֆըրի մէջ, ձեռք բերուած է Mallnick Holdings ընկերութեան կողմէ, որ կը պատկանի Իլհամ Ալիեւի ընտանիքին 2009-էն: Մէկ ամիս անց սեփականութեան իրաւունքը վերաձեւակերպուած է Հէյտարի անունով:

Արտահոսքի ենթարկուած ֆինանսական փաստաթուղթերու վերլուծութեան միջոցով նաեւ պարզ դարձած է, որ միւս գրասենեակային շէնքը, որ կը գտնուի մերձակայքին, Ալիեւներու ընտանիքը 2018-ին վաճառած է 66 միլիոն ֆունտով Crown Estate-ին: Նախքան գնումը կատարուած են օրէնքով նախատեսուած բոլոր ստուգումները, իսկ այժմ կ'իրականացուի կրկնակի ստուգում: