Ուաշինկթընի դատախազութիւնը կը հետաքննէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած միջադէպը, որուն ընթացքին վերջիններս, ըստ ականատեսներու եւ տարածուած տեսանիւթերու, դաժանօրէն ծեծի ենթարկած են Waldorf Astoria պանդոկին դիմաց խաղաղ բողոքի արշաւ իրականացնող ատրպէյճանցի վտարանդի գործիչները։
Միջադէպը տեղի ունեցած է փետրուար 19-ին, երբ ընդդիմադիր գործիչներու խումբ մը հաւաքուած էր Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի շքեղ պանդոկին մօտ՝ պահանջելով ազատ արձակել Ատրպէյճանի մէջ գտնուող քաղբանտարկեալները, այդ շարքին՝ ծանօթ ընդդիմադիր գործիչ Թոֆիկ Եակուպլուն։ Տարածուած տեսանիւթին մէջ կ՚երեւի, որ ինչպէս նախագահի թիկնազօրի անդամները կոպիտ ուժ կը գործադրեն ցուցարարներուն նկատմամբ, որու հետեւանքով կան տուժածներ։
Ատրպէյճանի կառավարութեան մօտ կանգնած լրատուամիջոցները տեղի ունեցածը որակած են որպէս «սադրանք»՝ պնդելով, որ ցուցարարները փորձած են ուժով ներխուժել հիւրանոց, սակայն ցոյցի մասնակիցները կտրականապէս կը հերքեն այդ մեղադրանքները։ Ռահիմ Եագուպլուն՝ Թոֆիկ Եագուպլուի որդին, ըստ Reuters-ի, յայտարարած է, որ իրենց սակաւաթիւ խումբը պարզապէս կ՚իրագործէր խօսքի ազատութեան իր իրաւունքը, երբ ենթարկուած է յարձակման, որու ընթացքին զինք հարուածած են եւ պատռած հագուստը։
Նախագահ Ալիեւը Ուաշինկթըն ժամանած էր մասնակցելու «Խաղաղութեան խորհուրդ»ի անդրանիկ նիստին։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մինչ այժմ պաշտօնական մեկնաբանութիւն չեն տուած միջադէպին վերաբերեալ՝ աւանդաբար յայտարարելով, որ երկրին մէջ կը յարգուին ժողովրդավարական չափանիշերը, մինչդեռ իրաւապաշտպանները կը փաստեն մօտ 340 քաղբանտարկեալի գոյութիւնը։