image
Հրատապ լուրեր:

Ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ատրպէյճանը արդէն կը տեսնեն խաղաղութեան գործնական օգուտները. Ալիեւի ելոյթը՝ ԵՔՀ գագաթնաժողովին

Ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ատրպէյճանը արդէն կը տեսնեն խաղաղութեան գործնական օգուտները. Ալիեւի ելոյթը՝ ԵՔՀ գագաթնաժողովին

Անցեալ տարուան Օգոստոսին Սպիտակ տան մէջ՝ Ուաշինկթընի մէջ, Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը ստորագրեցին ընդհանուր հռչակագիր․ նախագահ Թրամփ՝ որպէս վկայ, նոյնպէս ստորագրեց զայն։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները նախաստորագրեցին այս համաձայնագրի բնագիրը, եւ մեզի համար ու, վստահ եմ, նաեւ մեր հայ գործընկերներուն համար, խաղաղութիւնը արդէն իսկ իրականութիւն է։ Այս մասին ԵՔՀ 8-րդ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս, իր ելոյթի ժամանակ, ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։

«Այդ փաստէն ետք Ատրպէյճանը միակողմանիօրէն հանեց տարանցման բոլոր սահմանափակումները, որոնք դրուած էին դեռ 90-ականներու սկիզբէն։ Այդ պահէն ի վեր քանի մը հազար թոն բեռ Ատրպէյճանի տարածքով հասած է Հայաստան։ Ատրպէյճանն աթ, աւելի առաջ երթալով, սկսած է առաջին անգամ դէպի Հայաստան մատակարարել մեր նաւթամթերքները՝ պենզինը եւ տիզելը»,- ըսած է ան։

Ըստ Ալիեւին՝ խաղաղութեան օրակարգի ներքոյ ուրիշ ձեռքբերում մըն ալ փոխկապակցուածութեան հարցն է։

««Թրամփի ուղին յանուն խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» պիտի հասնի Հայաստանով դէպի Նախիջեւան եւ պիտի դառնայ Միջին միջանցքի մէկ մաս։ Ե՛ւ Հայաստանը, եւ՛ Ատրպէյճանը արդէն կը տեսնեն խաղաղութեան գործնական օգուտները»,- ըսած է ան, ապա շնորհակալութիւն յայտնած Եւրայանձնաժողովին՝ վերջինիս դիրքորոշման համար Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին վերաբերեալ՝ միաժամանակ ընդգծելով, որ ոչ բոլոր եւրոպական կառոյցները ցուցաբերած են նոյն մօտեցումը։

Աւարտելով իր ելոյթը՝ Ալիեւ շնորհաւորած է Հայաստանը ԵՔՀ գագաթնաժողովի կազմակերպման առիթով եւ յայտարարած․ «Հակառակ բոլոր այն մարդոց ջանքերուն, որոնք կը փորձեն խաթարել այս գործընթացը՝ Ատրպէյճանը միտուած է խաղաղութեան օրակարգին, եւ իմ հայ գործընկերոջ ելոյթը (խօսքը ԵՔՀ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթին մասին է) շատ յստակ այդ ընդգծեց»։