image
Հրատապ լուրեր:

Հունգարիան Քիեւին եւ Մոսկուային առաջարկած է հաստատել «սուրբծննդեան հրադադար» եւ գերիներու մեծ փոխանակում. Օրպան

Հունգարիան Քիեւին եւ Մոսկուային առաջարկած է հաստատել «սուրբծննդեան հրադադար» եւ գերիներու  մեծ  փոխանակում. Օրպան

Հունգարիան Քիեւին եւ Մոսկուային առաջարկած է հաստատել «սուրբծննդեան հրադադար» եւ կայացնել գերիներու խոշոր փոխանակում, յայտնած է վարչապետ Վիքթոր Օրպանը: Այս մասին գրած է dw.com-ը:

«Ցաւալի է, որ նախագահ Զելենսքին այսօր ակնյայտօրէն մերժեց եւ բացառեց այդ, մենք ըրինք այն ամէնը, ինչ կրնայինք», - գրած է Օրպանը:

Ան այսպէս մեկնաբանած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի քննադատութիւնն իր հասցէին՝ նախօրէին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին զանգելու համար։

«Մենք բոլորս յոյս ունինք, որ Վիքթոր Օրպանը գոնէ Ասատին չի զանգեր Մոսկուա՝ լսելու անոր մէկ ժամնոց դասախօսութիւնները»,- գրած է Զելենսքին Օրպանի եւ Փութինի հեռախօսազրոյցին վերաբերեալ։

«Ակնյայտ է, որ իրական խաղաղութեան եւ երաշխաւորուած անվտանգութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է Միացեալ Նահանգներու վճռականութիւնը, Եւրոպական Միութեան միասնութիւնը եւ բոլոր գործընկերներու անսասան հաւատարմութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներուն եւ սկզբունքներուն», -աւելցուցած է Զելենսքին: