Սփիւռքահայ եւ յատկապէս յունահայ համայնքի տարեգրութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ունեցած Աթէնքի ՀՅԴ պաշտօնաթերթ՝ «Ազատ Օր»ը օրերս բոլորեց իր հիմնադրման 80-րդ տարեդարձը։
Երկար ճանապարհներէ եւ հոլովոյթներէ անցած պարբերականը այսօր եւս կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ ու հակառակ բոլոր առումներով ստեղծուած բաւականին դժուար եւ թանկ պայմաններուն, շնորհիւ խումբ մը նուիրեալներու թերթը կը շարունակէ ամէնօրեայ դրութեամբ եւ PDF տարբերակով տարածուիլ (մինչ տպագիր օրինակը լոյսին կը տրուի շաբաթը անգամ մը)աշխարհով մէկ ու հասնիլ հայ ընթերցող հասարակութեան։
Ապահով ենք, որ թուայնացման մեր ժամանակներուն ու նաեւ համացանցի «տիրակալութեան» այս օրերուն թերթը տակաւին տեղ ունի աճելու ու այդ առումով աւելի քան ապահով ենք, որ «Ազատ օր»ին տիրութիւն ընող մարմիններն ու կառոյցը լաւապէս ընկալած են այդ մէկը։
Այսօր ալ այս գեղեցիկ առիթն օգտագործելով մեր սրտագին մաղթանքները կը միացնենք այն բարեկամներուն, որոնք բոլորուած են այս թերթին շուրջ եւ կը հաւատան, որ զուտ գաղութային մակարդակի եղող լրատուութիւնէն անդին Աթէնքէն լոյս տեսնող դարաւոր պարբերականը պիտի շարունակէ իր ուրոյն թերթն ու առաքելութիւնը։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցող հանրութեան կը ներկայացնենք այդ առթիւ, օրերս «Ազատ օր»ի այբ ճակատը գրաւած գրութիւնը, ուր անգամ մը եւս կը վերհանուի ամեայ երթը շարունակելու իմաստն ու առաքելութեան կենսականութիւնը։
Դարձեալ կ՚ըսենք բարի երթ «Ազատ օր»ին
Այսօրուան թիւով, «Ազատ Օր» օրաթերթը կը դառնայ 80 տարեկան։ Յունահայ գաղութի պատմութեան ու զարգացման անբաժան կարեւոր մասնիկը ըլլալով, մեր թերթը առաւել խանդով կը թեւակոխէ իր իններորդ տասնամեակը, մեր առջեւ պարզելով ապագայ ծրագիրներու նոր հոլովոյթ մը, որ մօտ օրէն պիտի դառնայ մեր ընթերցողներու սեփականութիւնը։
Շաբաթ, 2 Մարտի երեկոյեան, բոլորիս ժամադրավայրը թող ըլլայ «Զաւարեան» կեդրոնը, ուր պիտի նշուի մեր թերթի 80-ամեայ վաստակը, որպէս ժառանգ «Նոր Օր»-ի հրատարակութեան՝ աւելի քան 100 առաջ։
Այդ օրը, բոլորս միասնաբար՝ ընթերցող, թերթի պաշտօնէութիւն եւ պատասխանատու մարմիններ, վերանորոգենք մեր հաւատարմութիւնը եւրոպական տարածքի միակ օրաթերթին՝ «Ազատ Օր»-ին հանդէպ։
Ապագայի հեռանկարով, անսասան կամքով, համատեղ ջանքերով։